Շարհ. «Աշխատանք Կը Տանինք Կարելի Եղածին Չափ Լիբանանեան Կառավարութեան Օգնելու» – Aztag Daily

Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նիստի ընթացքին խօսք մը արտասանելով յիշեցուց. «Կոլանը ՄԱԿ-ի որոշումներուն համաձայն սուրիական հող է, եւ ատիկա քննարկելի չէ»:

«Կրնանք կարիքը ունենալ միջազգային յանձնախումբի մը` քննարկելու համար Իսրայէլի ապահովական մտավախութիւնները, եւ իսկական մտավախութիւններն ու պատկերացումները զատորոշելու», ըսաւ ան:

«Ապահովական դասաւորումներ քննարկելէ առաջ, Իսրայէլէն կը պահանջենք հեռանալ դէպի այն շրջաններ, որոնք 1974-ի դասաւորումներուն հիմամբ բռնագրաւած էր», նշեց Սուրիոյ նախագահը:

Անդրադառնալով Լիբանանին` Շարհ նշեց. «Աշխատանք կը տանինք կարելի եղածին չափ լիբանանեան կառավարութեան օգնելու եւ պետութեան հաստատութիւնները իրենց պարտականութիւնները կատարելու կարող դարձնելու»:

Ինչ կը վերաբերի տնտեսութեան, ան ըսաւ. «Աշխատանք կը տանինք իրաքեան արտադրութիւններու, մասնաւորաբար քարիւղին սուրիական հողերէն ապահով միջանցք ապահովելու»:

«Մենք չենք ուզեր ցեղային, աշխարհագրական կամ կրօնական հիմամբ բաժնեկցութեան համակարգ մը, որ Սուրիոյ մասնատման կը յանգեցնէ», շեշտեց Սուրիոյ նախագահը:

«Միացեալ Նահանգներ ներքաշուած են Իսրայէլի հետ մեր երկխօսութեան ու բանակցութիւններուն մէջ, սակայն հարցերը դիւրին չեն», ըսաւ Շարհ:

Leave a Comment