Էրտողան. «Թուրքիան Եւ Հայաստանը Երկկողմ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրած Են» – Aztag Daily

Թուրքիան եւ Հայաստանը յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց արձանագրած են: Այս մասին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«Մեր երկրին եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը կ՛ընթանայ նախատեսուածին համաձայն», ըսած է ան:

Էրտողան նաեւ խօսած է Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին` նշելով, որ Անգարան սկիզբէն կողմերը խրախուսած է խաղաղութիւն հաստատելու:

Ան ողջունած է 8 օգոստոսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները` զանոնք նկատելով երկու երկիրներուն միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման նպաստող քայլեր:

Էրտողան այդ հոլովոյթի ներդրման համար շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը:

Իսրայէլի պատուիրակութիւնը Էրտողանի խօսքին ժամանակ լքած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի դահլիճը:

 

 

Leave a Comment