Պաքու Կը Պնդէ. «Ղարաբաղի Մէջ Մշակութային Ամբողջ Ժառանգութիւնը Պաշտպանուած Է»

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ընկերակցութեամբ 58 երկիրներ եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւններ ներկայացնող շուրջ 150 հոգիէ կազմուած պատուիրակութիւն մը երկօրեայ այցելութիւն կու տայ բռնագրաւուած Արցախ:

Ըստ ազրպէյճանական կողմին, դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ իրականացուող շինարարական ու ենթակառուցուածքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու ներկայ վիճակն ու անոնց պահպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:

Հակառակ անոր որ անկախ հետազօտողներ, ինչպէս նաեւ Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկման միջազգային կեդրոնն ու այլ կառոյցներ արդէն քանի մը անգամ փաստագրած են Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, իր ուղերձին մէջ Հ. Հաճիեւ յայտարարած է, թէ` «Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի այլ տարածքներու մէջ մշակութային ամբողջ ժառանգութիւնը կը պաշտպանուի երկրի օրէնսդրութեամբ»:

Այս տարուան ապրիլին արբանեակային լուսանկարներ հաստատած էին, որ Ստեփանակերտի մէջ ամբողջովին քանդուած են Սուրբ Աստուածածինի մայր տաճարն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, ասիկա Ազրպէյճանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներու 22-րդ նման այցելութիւնն է:

 

Leave a Comment