Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ յայտարարեց, թէ այսօր Օմանի մէջ սպասուող ժողովը պիտի կեդրոնանայ Հորմուզի նեղուցին մէջ ծովային նոր ուղիին վրայ:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ժողովի մասնակից երկիրներուն պիտի ներկայացնէ Օմանի հետ համաձայնութեան մանրամասնութիւններն ու նեղուցին մէջ նոր ուղիին առնչուող քարտէսները` աւելցնելով, որ Մասքաթի հետ համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով կենսական նեղուցի վերաբացումը չի նշանակեր:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Թեհրանի կարծիքով` շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան երաշխաւորումը բացառապէս շրջանի պետերուն ուսերուն է, եւ յոյս յայտնեց, որ բանակցութիւնները ճամբայ հարթեն շրջանի պետութիւնները հետաքրքրող հարցերու շուրջ ապագայ քննարկումներուն:
Արաղչի շեշտեց, որ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու Իրանի պայմանը Միացեալ Նահանգներու Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրով իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններուն վերադառնալն է:
Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, սակայն, երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ այսօրուան ժողովի ընթացքին բեկումի մը առիթները մեծ չեն` աւելցնելով, որ Օմանի հրաւիրած ժողովին նպատակը շարք մը հարցերու, ներառեալ Հորմուզի նեղուցի հարցի քննարկումն է, սակայն համաձայնութեան մը կնքումը նկատեց անհաւանական:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ դարձեալ յայտարարեց. «Իրանի հետ պատերազմը պիտի աւարտի… թերեւս միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ կամ անոնցմէ անմիջապէս ետք»:
Սակայն իրանեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի շաբաթ օր գրառում մը կատարելով յայտարարած էր. «Քանի տակաւին ամերիկեան կողմը Իրանի բոլոր պայմանները չ՛ընդունիր, երկխօսութիւնն ու բանակցութիւնը անօգուտ են»:
Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիան յայտարարեց, թէ առ ի զգուշացում կը փակէ թագաւորութեան արեւելքէն արեւմուտք երկարող քարիւղի խողովակաշար մը, որ յարձակումի ենթարկուեցաւ` ըստ Պաղտատի եւ Ռիատի, Իրաքէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տապլին իր այցելութեան ընթացքին անդրադառնալով դէպքին ըսաւ, թէ Իրան հաւանաբար պատասխանատու է յարձակումին համար:
Ան նաեւ նշեց, որ հուսիները կապուած են իր վարչակազմին հետ եւ պահանջած, որ Ուաշինկթըն հակամարտութեան ուղղակի կերպով չմիջամտէ: