Եւրոպական խորհրդարանի 15 սեպտեմբերի լիագումար նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի Հայաստանէն Եւրոպական Միութիւն ներածուող ապրանքներու լայն շրջանակի համար մաքսատուրքերու ժամանակաւոր վերացման առաջարկը:
Եւրոպական խորհրդարանի կայքին վրայ հրապարակուած է 14-17 սեպտեմբերին Սթրազպուրկի մէջ կայանալիք Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստերու օրակարգը, որուն վրայ է նաեւ քուէարկութիւնը Հայաստանի համար մաքսային արտօնութիւններ սահմանելու վերաբերեալ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկին, որուն նախապէս հաւանութիւն տուած էր Եւրոպական Միութեան խորհուրդը:
Եւրոպական Միութիւնը կը նախատեսէ երկու տարի ժամկէտով վերացնել հայկական շարք մը ապրանքներու վրայ կիրարկուող մաքսատուրքերը:
Միեւնոյն ժամանակ կը նախատեսուի առանց մաքսատուրքի ներածման մասնաբաժիններ սահմանել հայկական գիւղատնտեսական ութ տեսակի արտադրութեան համար: Անոնց շարքին են խաղողը, ծիրանը, կեռասը, դեղձը եւ վարունգը:
Նախագիծը նաեւ կը նախատեսէ պաշտպանական գործիքակազմեր, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային Եւրոպական Միութեան կարելիութիւն պիտի տան միջամտելու, եթէ Հայաստանէն ներածման աճը բացասական ազդեցութիւն ունենայ եւրոպացի արտադրողներու վրայ:
Այս քայլը պայմանաւորուած է մայիս 2026 թուականէն Ռուսիոյ կողմէ հայկական արտածման շարք մը կարեւոր ապրանքատեսակներու նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումներով: Անոնք կը վերաբերին, մասնաւորաբար, ոգելից ըմպելիներուն, հանքային ջուրերուն, միրգերուն եւ բանջարեղէնին, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ տարածքով անոնց տարանցման:
Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովին, այդ սահմանափակումները խաթարած են Հայաստանի աւանդական մատակարարման շղթաները եւ զգալիօրէն սահմանափակած երկրի հասանելիութիւնը աւանդական արտածման շուկաներուն: Իրավիճակը յատկապէս ծանր ազդեցութիւն ունեցած է փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսական արտադրողներու վրայ` միեւնոյն ժամանակ մարտահրաւէրներ ստեղծելով Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան համար:
Եւրոպական Միութիւնը նախաձեռնութիւնը կը դիտարկէ իբրեւ հայկական տնտեսութեան աջակցելու եւ արտածողներու համար Եւրոպական Միութեան շուկայ մուտքի լրացուցիչ կարելիութիւններ ստեղծելու ժամանակաւոր միջոց: