9 սեպտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ հանդիպում տեղի ունեցած է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան, Նետերլանտներու, Սպանիոյ, Չեխիոյ եւ Էսթոնիոյ դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուած են ժողովրդավարական հաստատութիւններու խորացող ճգնաժամը, մարդու իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարումները, իշխանութեան անսահմանափակ կեդրոնացումը մէկ անձի շուրջ, ինչ որ յանգեցուցած է ամբողջատիրական կառավարման համակարգի ձեւաւորման:
Միջազգային գործընկերներուն ներկայացուած են Հայաստանի մէջ ընդդիմութեան նկատմամբ իրականացուող համակարգային քաղաքական հետապնդումներն ու բռնաճնշումները, ներառեալ վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ անոր ընտանիքին նկատմամբ իրականացուող հետապնդման գործընթացը:
Ընդգծուած է, որ իշխանութիւնը պետական եւ իրաւապահ համակարգերը վերածած է ընդդիմութեան դէմ քաղաքական հաշուեյարդարի գործիքի` նպատակ ունենալով չէզոքացնել ընդդիմադիր առաջնորդները` Ազրպէյճանի պահանջով իրականացուող յառաջիկայ զիջումներուն ընդառաջ: