Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Իր 2-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց (3-0)

Երէկ, Ահտի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութ 3-0 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը տարաւ Ղատիր Հարիսի վրայ` արձանագրելով իր յաջորդական 2-րդ յաղթանակը, աւարտական հանգրուանի իր 2-րդ մրցումին:

Մրցումը, ինչպէս առաջին մրցումին պարագային էր, քիչ մը դանդաղ սկսաւ, բայց ՀՄԸՄ մրցումի սկիզբէն կը ճնշէր մրցակիցին վրայ, որ ստիպուի սխալներ գործել:

19-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ անակնկալ կոլ մը նշանակեց, երբ Օմար Հուսարի փոխանցում մը ստանալէ ետք ծայրէն առանձնացաւ եւ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը: 35-րդ վայրկեանին, այս անգամ Հայտար Հայտար արդիւնքը բարձրացուց 2-ի: Բ. կիսախաղին ՀՄԸՄ ինք էր, որ մրցումին ընթացքը դանդաղեցուց եւ լաւ ձեւով ճնշելէ ետք դաշտի կեդրոնէն գնդակը գեղեցիկ ձեւով հասցուց Հուսարիի, որ խաղի բերելէ ետք բերդապահը, գնդակը զետեղեց Ղատիր Հարիսի բերդին մէջ:

Այս արդիւնքը մեծ քայլ մըն է Գ. դասակարգ բարձրանալու, բայց տղաքը պէտք է նոյն ձեւով շարունակեն, կեդրոնացած խաղալով յառաջիկայ երեքշաբթի օրուան մրցումին` Նասր Քամետ Լոզի դէմ:

Նասր Քամետ Լոզ իր 2-րդ պարտութիւնը կրեց երէկ, երբ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Սաքաֆի Հերիէն:

Արապի Ռիատի Աքքար 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Սաֆա Շուէյֆաթի հետ:

Դասաւորումը Բ. շաբթուան մրցումներէն ետք.

ԿԷՏ
1.- ՀՄԸՄ Պէյրութ 6 (5-0)
2.- Արապի Ռիատի Աքքար 4 (4-3)
3.- Սաքաֆի Հերի 3 (3-3)
4.- Ղատիր Հարիս 3 (2-4)
5.- Սաֆա Շուէյֆաթ 1 (2-4)
6.- Նասր Քամետ Լոզ 0 (2-4)

Leave a Comment