Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Թրութ Սոշըլ» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակեց Իրանի քարտէսի նկարներու երկու տարբերակներ. «նախքան» խորագիրը կրողը կը ներկայացնէ Իրանի բնական քարտէսը, իսկ «ետք»-ը խորագիրը կրողը կը ներկայացնէ Թրամփի դիմագիծին ու մազի հռչակաւոր սանտրուածքին նմանակը եղող քարտէս մը:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ հրապարակեց Լուսինին նկարը, որուն վրայ ամերիկեան դրօշին կողքին գրուած էր. «Լուսինը մերն է»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ առաջարկեց Միացեալ Նահանգներու Նիւ Մեքսիքօ նահանգի անունը փոխել «Նիւ Ամերիքա»-ի, բան մը, որ Նիւ Մեքսիքոյի նահանգապետը անմիջապէս մերժեց:
Թրամփ «Թրուս Սոշըլ»-ի վրայ գրեց. «Շատեր առաջարկեցին Նիւ Մեքսիքօ անունը Նիւ Ամերիքայի փոխել: Ատիկա աւելի ազնիւ ու գեղեցիկ է բնակիչներուն համար այդ նահանգին, որ հսկայական կարելիութիւններ ունի: Կը սիրեմ այդ անունը»:
Սպիտակ տունն ալ վերահրապարակեց նկար մը, որուն վրայ նահանգի Մեքսիքօ անունին վրայէն գիծ քաշուած է եւ փոխարինուած «Ամերիքա» անունով:
Նիւ Մեքսիքոյի նահանգապետ Միշել Լոկըն Կրիշըմ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Անունը քննարկելի չէ, ատիկա մեր անունն է նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու ստեղծումէն առաջ»:
Ան աւելցուց, որ նախագահը այս ձեւով կ՛ուզէ «ամերիկացիներուն ուշադրութիւնը շեղել» վառելանիւթի գինի բարձրացման նման խնդիրներէ:
Յիշեցնենք, որ Թրամփ նախապէս առաջարկած էր Քանատայի հետ սահմանին վրայ գտնուող Օնթարիօ լիճին անունը «Ամերիկա Լիճ»-ի փոխել, ինչպէս նաեւ Խաղաղական ու Ատլանտեան ովկիանոսներու անունները փոխել: