Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան կոլ մը եւս աւելցուց Սէուտական Արաբիոյ «Փրօ լիկ»-ին մէջ, երբ Ահլի 5-րդ հանգրուանին 5-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռիատը:
Ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ մրցումներուն պարտութիւններ կրելէ ետք, Ահլիի վրայ ճնշում կար անպայման յաղթելու: 16-րդ վայրկեանէն իսկ, Այվան Թոնի փենալթիով նշանակեց Ահլիի առաջին կոլը: 43-րդ վայրկեանին Սպերցեան օդային գեղեցիկ հարուածով նշանակեց Ահլիի երկրորդ կոլը: Կիսախաղէն քիչ մը առաջ Ֆրանսիսքօ Թրինքաօ նշանակեց 3-րդ կոլը:
Բ. կիսախաղին փենալթի մը եւս եւ Թոնի աւելցուց իր երկրորդ կոլը, մինչ Նայեֆ Մասուտ 87-րդ վայրկեանին նշանակեց Ահլիի 5-րդ կոլը:
Այս մրցումէն առաջ, Ռուի Փետրօ հրաժեշտ տուած էր մարզական տնօրէնի իր պաշտօնէն` լքելով Ահլին:
Սպերցեանի համար այս կոլը եղաւ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 2-րդ կոլը եւ 3-րդը բոլոր մրցաշարքերուն գծով (1 կոլ ունի բաժակի մրցումին): Ան արդէն իսկ 3 էսիսթ ալ ձեռք ձգած է 7 մրցումներու ընթացքին` Ահլիի շապիկով: