Թենիս. Աբոյեան Եւ Ազիզեան` Ախոյեան

Արժանթինահայ թենիսմեն Վալերիօ Աբոյեան դարձաւ Փլովտիւի (Պուլկարիա) «Էյ. Թի. Փի. Չելենճըր» մրցաշարքի զոյգերու ախոյեան:

Աւարտականին Աբոյեան-Խուան Լա Սերնա զոյգը 4-6, 7-5 եւ 10-8 արդիւնքով յաղթեցին Ատրիանօ Կենով (Պոլկարիա) – Ալեքսանտր Օվչարենքօ (Ուքրանիա) զոյգին:

Հայկական ծագումով 24 տարեկան թենիսմենը անհատական մրցումներուն ալ բաւական լաւ ելոյթներ ունեցաւ եւ երեք յաղթանակներ արձանագրելէ ետք հասաւ կիսաւարտական ու պարտուեցաւ պուլկարացի Եանաքի Միլեւէն` 4-6, 7-5 եւ 2-6 արդիւնքով:

Միւս կողմէ, Հայաստանի 15 տարեկան թենիսվումըն Մարիա Ազիզեան դարձաւ Պուրկաս (Պուլկարիա) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Այ. Թի. Էֆ. Ճէյ.60 Պուրկաս» պատանեկան մրցաշարքի ախոյեան:

Աւարտականին Ազիզեան 6-2, 3-6 եւ 7-6 (7-4) արդիւնքով պարտութեան մատնեց իտալացի Աննա Ներելլին` դառնալով մրցաշարքի ախոյեան:

Հայ մարզիկի տիտղոսի հասնելու ճամբան այդքան ալ դիւրին չէր: Մարիա Ազիզեան մրցաշարքը սկսած էր զտումի փուլերէն եւ ընդամէնը 6 յաղթանակ արձանագրած մինչեւ աւարտական:

Պուրկասի մէջ այս յաջողութիւնը շատ կարեւոր նուաճում է 15 տարեկան մարզիկին համար` անգամ մը եւս փաստելով անոր մեծ ներուժը` միջազգային պատանեկան ասպարէզին մէջ:

 

 

Leave a Comment