Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Սաֆա Շուէյֆաթին (2-0)

Շաբաթ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբը լաւ ձեւով սկսաւ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը եւ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաֆա Շուէյֆաթը:

Մրցումը սպասուածին պէս քիչ մը դանդաղ սկսաւ, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ առաջին 10 վայրկեաններուն շատ լաւ խմբային խաղ կը խաղար եւ առիթներ ալ ստեղծեց:

Այս հանգրուանին ինքնաբերաբար խումբերը զգուշ կը խաղան սխալներ չգործելու եւ մրցակիցը լաւ ուսումնասիրելու համար: Գրեթէ բոլոր խումբերն ալ իրար ծանօթ չեն, եւ այդ պատճառով ալ Բ. կիսախաղը տարբեր կ՛ըլլայ:

Այդպէս ալ եղաւ, եւ ըստ երեւոյթին ՀՄԸՄ-ի մարզչական կազմը իր ցուցմունքները տուած էր եւ ճիշդ փոփոխութիւններով կրցաւ բարելաւել խաղը:

Ալի Ռիտա Ապպաս գլխու հարուածով նշանակեց ՀՄԸՄ-ի առաջին կոլը 65-րդ վայրկեանին, քոռնըրէ մը ետք:

ՀՄԸՄ աւելի եւս ճնշեց մրցակիցին վրայ, որ Պիպլոս ակադեմիայի խումբն էր, որ կը խաղար Սաֆա Շուէյֆաթի արտօնագիրով:

76-րդ վայրկեանին Ալի Իպրահիմ խաղի բերելէ ետք մրցակից մը ձեւացուց, թէ պիտի փոխանցէ կեդրոն, բայց խաբեց բերդապահը` գնդակը զետեղելով նեղ անկիւնէ մը: Արդիւնք` 2-0:

Շատ կարեւոր էր այս յաղթանակը` նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակից Ղատիր Հարիսը իր կարգին 2-1 արդիւնքով կրցած էր յաղթել Նասըր Քամեր Լոզին:

Արապի Աքքար 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքաֆա Հերի խումբը: ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցումը (Ղատիրի դէմ) տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, Ահտի դաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:

Leave a Comment