Օվերչուք Հայ Գործընկերներուն Կ՛առաջարկէ Համագործակցիլ Իրենց Հետ

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք կասկած յայտնեց, որ Հայաստանի իր գործընկերները պիտի կարենան վերակողմնորոշուիլ այլ շուկաներու մէջ:

«Ըստ ամենայնի` ոչ: Ի հարկէ, անոնց որոշակի, ոչ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերուած է, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կրնայ համեմատուիլ այն մեծ շուկային հետ, որ Ռուսիոյ շուկան է անոնց համար: Եւ մենք նոյնպէս սովոր ենք այդ արտադրանքին», ըսաւ Օվերչուք` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք յաջողութիւն ունեցա՞ծ են Հայաստանը դէպի այլ շուկաներ վերակողմնորոշելու փորձերը:

Օվերչուք ընդգծեց, որ «ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ, որ մենք պաշտպանենք մեր շուկան: Եւ մենք մեր հայ գործընկերներուն կ՛առաջարկենք մեզի հետ աշխատիլ այս ուղղութեամբ»:

Ռուսիան մայիսէն սկսաւ փուլ առ փուլ արգիլել Հայաստանէն տարբեր ապրանքներու, որոնց շարքին գիւղական մթերքի, ձկնամթերքի ու խմիչքների, կաթնամթերքի եւ ծաղիկներու ներմուծումը: Այս սահմանափակումները յաջորդեցին Երեւանի մէջ կազմակերպուած եւրոպական երկու վեհաժողովներուն, որոնցմէ մէկուն կը մասնակցէր նաեւ Ուքրանիոյ նախագահը:

Մինչ Ռուսիան առայժմ փակ կը պահէ իր շուկան հայկական գիւղական մթերքին համար, Հայաստանի կառավարութիւնը տարբեր կարճաժամկէտ ծրագիրներով կ՛աջակցի արտահանողներուն եւ կը յայտարարէ շուկաներու բազմազանեցման մասին: Աջակցութիւն տրամադրած է նաեւ Եւրոպական Միութիւնը` աւելի քան 50 միլիոն եւրոյի ծրարով:

 

 

Leave a Comment