Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ու 6 եպիսկոպոսներու գործով դատախազ Խաչատուր Գալստեան «իր դիմումի համաձայն ազատ արձակուած է աշխատանքէն»:
Այս գործով քրէական հետապնդումը իրականացուցած եւ մեղադրական եզրակացութեամբ գործը դատարան ուղարկած էր նոյնինքն տուեալ դատախազը:
Գլխաւոր դատախազութենէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին նշեցին, որ աշխատանքէ ազատումը որեւէ կապ չունի դատական գործին հետ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ վեց բարձրաստիճան հոգեւորականները կը մեղադրուին դատական վճիռը չկատարելու համար: Վեհափառը պաշտօնանկ ըրած էր Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանը, իսկ դատարանը պարտաւորեցուցած էր վերականգնել հոգեւորականը իր պաշտօնին մէջ: Մայր Աթոռը, սակայն, չվերականգնեց ու կարգալոյծ ըրաւ զայն` յայտարարելով, որ այս հարցերը դատարանի տիրոյթին մէջ չեն, ասիկա միջամտութիւն է եկեղեցւոյ ինքնավարութեան մէջ:
Այս գործով Արմաւիրի դատաւորներէն Յակոբ Մանուկեան ինքնաբացարկ յայտնած էր, գործը մակագրուած էր դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին, ան ալ գործը Երեւան ուղարկեց: Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեանն ալ դիմած էր Վճռաբեկ դատարան` վարոյթի տարածքային ընդդատութեան հարցը վճռելու համար:
Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատը յառաջիկայ հինգ օրերուն պիտի որոշէ` Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ վեց եպիսկոպոսներու քրէական գործը Երեւանի՞, թէ՞ Էջմիածինի մէջ պիտի քննուի: