Ֆոլքլանտի Մէջ Բրիտանական-Իսրայէլեան Քարիւղի Ծրագիր Մը Արժանթինի Հետ Լարուածութիւն Կը Յառաջացնէ

Արժանթինեան խումբեր յայտարարեցին, թէ դատական հայց ներկայացուցած են կանգնեցնելու համար վիճելի Ֆոլքլանտի ծովեզերքէն շուրջ 220 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ բրիտանական-իսրայէլեան քարիւղի ծրագիր մը:

Հայցուորները կ՛ըսեն, թէ ծրագիրը կը խախտէ ՄԱԿ-ի որոշումը, թէ շրջանային հակամարտութեան գոյութեան պարագային անհրաժեշտ է միակողմանի քայլերէ ետ կանգնիլ:

Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլի յայտնեց, որ հինգշաբթի երեկոյեան պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին «արժանթինցիներու համար սրբազան դատի` Լաս Մալվինաս կղզիներու դատի մասին պիտի խօսի»:

Ան նաեւ ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնը, թէ վիճելի շրջանին վերաբերեալ Ուաշինկթընի անկողմնակալ դիրքորոշման վերատեսութեան ենթարկումը չի բացառեր:

Leave a Comment