Սփիւռքը Խաչմերուկի Վրայ. Համահայկական Վերածնունդի Ճանապարհը

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Բ.- Բազմաթիւ Կառոյցներ, Բայց` Միասնական Ռազմավարութեան Բացակայութիւն

Երբ սփիւռքի մասին կը խօսինք, առաջին հերթին պէտք է արդարօրէն գնահատել անոնք, որոնք տասնամեակներ շարունակ անձնուէր ծառայած են ազգային կեանքին: Եկեղեցիներ, կուսակցութիւններ, ազգային վարժարաններ, մշակութային եւ մարզական միութիւններ, բարեսիրական հաստատութիւններ, երիտասարդական շարժումներ, մամուլ եւ բազմաթիւ այլ կառոյցներ` բոլորն ալ իրենց բաժինը բերած են հայ ինքնութեան պահպանման առաքելութեան: Անոնց նուիրումը եւ զոհողութիւնը անժխտելի է, եւ առանց այդ աշխատանքին` այսօրուան սփիւռքը շատ աւելի տարբեր վիճակ մը պիտի պարզէր, անկասկած:

Սակայն պատմութիւնը կը ստեղծէ նոր պայմաններ, իսկ նոր պայմանները կը պահանջեն նոր պատասխաններ: Հարցը շատ աւելի խորունկ է. արդեօ՞ք այդ բազմաթիւ կառոյցները կը գործեն մէկ ընդհանուր ազգային տեսլականով եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութեամբ:

Այս հարցումին տրուած անկեղծ պատասխանը դժբախտաբար  չի ներշնչեր մեծ վստահութիւն:

Այսօր աշխարհի գրեթէ բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ կարելի է գտնել բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, իր արժէքները, իր անդամական կառոյցը եւ իր գործունէութեան դաշտը: Անոնք ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, դասախօսութիւններ կը հրաւիրեն, երիտասարդական ծրագիրներ կը մշակեն, բարեսիրական նախաձեռնութիւններ կը յառաջացնեն եւ ազգային յիշողութիւնը կը պահպանեն: Այս բոլորը անհրաժեշտ աշխատանքներ են:

Բայց երբ դիտենք ընդհանուր պատկերը, կը ծագի լուրջ հարցում մը. ո՞վ կը մտածէ ամբողջ սփիւռքին մասին: Ո՞վ պիտի  ստանձնէ  յառաջիկայ յիսուն տարիներու ազգային  ուղեգիծին  մշակումը:

Ո՞վ կրնայ կանխատեսել, թէ տասը տարի ետք քանի՞ հայկական կրթական օճախ պիտի գործէ, քանի՞ երիտասարդ պիտի շարունակէ հայերէն կարդալ, քանի՞ ընտանիք պիտի պահպանէ իր ազգային դիմագիծը:

Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն  ունի  իր առաքելութիւնը, սակայն հաւաքական ճակատագիրը չի կերտուիր առանձին ճիգերու սովորական համադրումով:

Ազգային կեանքը կը նմանի մեծ նուագախումբի մը, ուր իւրաքանչիւր գործիք կրնայ կատարելապէս հնչել, բայց խմբավարին բացակայութեան հնչիւնները  չեն վերածուիր  ներդաշնակ երաժշտութեան: Նոյնպէս ալ, սփիւռքի պարագային, բազմաթիւ արժէքաւոր նախաձեռնութիւններ կը ծաւալին, սակայն անոնց միջեւ յաճախ անտեսանելի կը մնայ  համակարգուած ազգային ուղղութիւնը:

Այս բացը այնքան  տեսանելի չէր անցնող ութսունամեակին, որովհետեւ առաջին եւ երկրորդ սերունդները իրենց հետ բերած էին անջնջելի ազգային յիշողութիւն: Անոնք ապրած էին Ցեղասպանութեան, տարագրութեան կամ հայրենի հողի կորուստին անմիջական հետեւանքները: Այդ յիշողութիւնը ինքնին կը ծառայէր իբրեւ միացնող ուժ:

Այսօր, սակայն, չորրորդ եւ հինգերորդ սերունդներուն առջեւ  բացուած է այլ իրականութիւն: Անոնք լոյս աշխարհ եկան եւ շնչեցին այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր հայկական ինքնութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուող, գիտակցական ջանքով  պահուող արժէք մը  դարձած է այլեւս:

Պէտք է նաեւ ընդունիլ, որ շատ  յաճախ  մեր ներքին բաժանումները կը վատնեն այն ուժերը, որոնք կարելի էր միաւորել: Տարբեր քաղաքական կամ գաղափարական մօտեցումները անխուսափելի են եւ  բնական: Սակայն երբ հատուածական սահմանները կը գերիշխեն համազգային մտածողութեան վրայ, անոնք ակամայ կը տկարացնեն հաւաքականութիւնը: Ժողովուրդ մը չի կրնար իր ապագան կառուցել մեկուսի  կղզեակներու վրայ. անհրաժեշտ է կամուրջներ ստեղծել այդ կղզեակներուն միջեւ:

Այսօրուան հրամայականը նոր կազմակերպութիւններ ստեղծել չէ, որովհետեւ կազմակերպութիւններ ունինք արդէն: Անհրաժեշտը համադրող միտք, համազգային համակարգում եւ երկարաժամկէտ ծրագիր ունենալն է: Այդ ծրագիրը պէտք է գերազանցէ օրուան խնդիրները եւ ուղղուի վաղուան սերունդներուն:

Մեծ ժողովուրդներ իրենց ապագան չեն յանձներ պատահականութեան: Անոնք կը ծրագրեն, կը հետազօտեն, կը գնահատեն իրենց սխալները եւ կը մշակեն նոր ուղղութիւններ: Հայ ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ յաջողած  է վերապրիլ դաժան փորձութիւններէ, նոյն այդ հեռատեսութեամբ պարտաւոր է մօտենալու նաեւ սփիւռքի ապագային:

Անհրաժեշտ է մտածել համաշխարհային մակարդակի ազգային ռազմավարութեան մասին: Այդ ռազմավարութիւնը պէտք չէ փոխարինէ գործող կառոյցները, ընդհակառակը, զանոնք պիտի միացնէ ընդհանուր տեսլականի մը շուրջ: Երբ տարբեր ուժեր կը շարժին դէպի նոյն նպատակը, արդիւնքը բազմապատիկ ազդու կ՛ըլլայ եւ մեկին: Իսկ երբ իւրաքանչիւրը կը գործէ առանձին ուղղութեամբ, նոյնիսկ մեծ զոհողութիւնները կրնան չտալ ակնկալուած պտուղը:

Այս բաժինին հիմնական եզրակացութիւնը պարզ է. սփիւռքի ապագան կախեալ չէ միայն կազմակերպութիւններու գոյութենէն, այլ` անոնց միջեւ ազգային ռազմավարական ներդաշնակութենէն: Առանց այդ ներդաշնակութեան` մեր աշխատանքները կրնան մնալ պատուաբեր, բայց` մասնատուած: Ներդաշնակ ռազմավարութեամբ, նոյն աշխատանքը կրնայ վերածուիլ համաշխարհային հայութեան վերազարթօնքի շարժիչ ուժի:

Գ.- Ինքնութեան Պայքարը` Գոյութեան Պայքար

Այսօրուան սփիւռքին մէջ ինքնութեան պահպանումը կը պահանջէ գիտակցուած, հետեւողական եւ կազմակերպուած ճիգ:

Երիտասարդ սերունդը կը գտնուի բազմաշերտ ազդեցութիւններու տակ. համաշխարհային մշակոյթ, թուային հարթակներ, կրթական բազմազան միջավայրեր: Այս բոլորին մէջ հայկական ինքնութիւնը կը դառնայ ընտրանք, ոչ`  ժառանգ:

Ինքնութեան պահպանումը գոյութեան պայքարի  վերածուած է այսօր: Ոչ` ռազմական իմաստով, այլ` մշակութային եւ հոգեբանական մակարդակի վրայ:

Լեզուի նահանջը կը վերափոխէ մտածողութեան ամբողջ  համակարգը: Եթէ մտածողութիւնը կը փոխուի` առանց ազգային արմատներու, ինքնութիւնը կը նօսրանայ, իսկ երբ ինքնութիւնը կը նօսրանայ, համայնքը կը դադրի ինքնուրոյն շարունակելու կարողութենէն:

Ինքնութեան պահպանումը գոյութեան պայքարի հարց դարձած է այսօր:

Դ.- Հայրենադարձութիւն` Ազգային Իտէալ, Բայց` Ներկայիս Սահմանափակ Իրագործելիութիւն

Ո՞վ կրնայ հերքել, որ հայրենի հողի վրայ ապրող հայութիւնը ժողովուրդին  իսկական ողնայարն է:

Հայրենադարձութիւնը միշտ պիտի մնայ ազգային մեծ իտէալ:

Սակայն իտէալները եւ գործնական պայմանները միշտ չեն շարժիր նոյն արագութեամբ:

Հայաստանը այսօր կը դիմագրաւէ անվտանգային, տնտեսական, ժողովրդագրական եւ ընկերային լուրջ մարտահրաւէրներ: Այս պայմաններուն մէջ զանգուածային հայրենադարձութիւնը, որքան ալ ցանկալի ըլլայ, ներկայ փուլին ամբողջական լուծում չի ներկայացներ:

Ասիկա յուսահատութեան պատճառ մը չի կրնար դառնալ, այլ արթնութեան եւ գիտակցութեան կոչ մըն է:

Ընդհակառակը, կը նշանակէ, որ մինչեւ այդ պայմաններու հասունացումը, սփիւռքի կազմակերպուած հզօրացումը կը դառնայ ազգային առաջնահերթութիւն:

Հայրենադարձութիւնը տարագիր հայ ժողովուրդի  մտածողութեան ամենահին  եւ  ամենահզօր իտէալներէն մէկն է:

Ան կը խորհրդանշէ` վերադարձ դէպի արմատներ, դէպի պատմական հայրենիք եւ ազգային ամբողջականութիւն:

Սակայն իտէալներու եւ իրականութեան միջեւ գոյութիւն ունի երկար ճամբայ: Այսօրուան Հայաստանի պետական, տնտեսական եւ անվտանգային իրականութիւնը բարդ է եւ բազմաշերտ: Աշխատատեղերու սահմանափակում, բնակարանային խնդիրներ, տարածաշրջանային անորոշութիւն եւ ժողովրդագրական մարտահրաւէրներ կը ձեւաւորեն այն միջավայրը, ուր զանգուածային հայրենադարձութիւնը չի կրնար դառնալ արագ իրագործելի ծրագիր:

Այս իրողութիւնը պէտք չէ մեկնաբանուի հրաժարում հայրենադարձութեան գաղափարէն: Ընդհակառակը, անիկա կը նշանակէ, որ անհրաժեշտ է աւելի երկարաժամկէտ մտածողութիւն:

Հայրենադարձութիւնը պէտք է դիտուի հայրենիքի հզօրացում, ամրակայացում` տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ քաղաքացիական մակարդակներու վրայ:

Այս իմաստով, սփիւռքը առանցքային դերակատար  կրնայ  դառնալ ազգային գործընթացներուն մէջ: Ան կը շարունակէ մնալ հայութեան մարդկային, մտաւոր եւ նիւթական հսկայ ներուժը, մինչեւ այն պահը, երբ հայրենիքը պատրաստ ըլլայ ընդլայնելու մասնակցութեան դաշտը:

Հայրենադարձութիւնը իտէալ է, բայց անոր իրագործումը կը պահանջէ ժամանակ, ծրագիր եւ պետական-համազգային համադրուած աշխատանք:

Ե.- Անտարբերութիւնը` Ամենավտանգաւոր Թշնամին

Ժողովուրդներու նահանջը սովորաբար կը սկսի   լռելեայն, դանդաղ  եւ գրեթէ անտեսանելի ընթացքով:

Անտարբերութիւնը այդ գործընթացի ամէնէն վտանգաւոր գործօնն է:

Համայնքային կեանքի նկատմամբ հետաքրքրութեան նուազումը, երիտասարդութեան մասնակցութեան թուլացումը եւ ազգային կառոյցներու հեղինակազրկումը կը հանդիսանան ներքին քայքայման աստիճանական ազդանշանը:

Անտարբերութիւնը չի կրնար բնորոշուիլ մէկ անձի կամ մէկ կառոյցի  ընթացքով: Ան հաւաքական հոգեբանական վիճակ մըն է, որ կը ծնի, երբ մարդիկ կը սկսին զգալ, որ այլեւս  որոշիչ չէ իրենց մասնակցութիւնը:

Բայց պատմութիւնը կը վկայէ հակառակը: Յաճախ մէկ անհատ, մէկ խումբ կամ մէկ նախաձեռնութիւն կրնայ փոխել ամբողջ համայնքի մը ընթացքը, եթէ կայ կամք եւ հաւատք:

Անտարբերութեան դէմ պայքարը առաջին հերթին մշակութային է. պէտք է վերականգնել մասնակցութեան զգացումը, պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ ազգային գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Անտարբերութիւնը լուռ քայքայում է, որուն դէմ միայն մասնակցութիւնն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կրնան հակակշիռ դառնալ:

Զ.- Ինչո՞ւ Անհրաժեշտ Է Համազգային Ռազմավարական Խորհրդակցութիւն

Սփիւռքի ներկայ վիճակը անհնար է ամբողջութեամբ ըմբռնել` առանց համադրուած վերլուծութեան: Տարբեր գաղութներ, տարբեր իրականութիւններ, տարբեր մարտահրաւէրներ` այս բոլորը կը պահանջեն մէկ ընդհանուր հայեցակարգային մօտեցում:

Աշխարհի բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնք սփիւռքեան իրականութիւններ ունին, ստեղծած են համադրող հարթակներ, ուր կը մշակուին երկարաժամկէտ ազգային ռազմավարութիւններ: Այդ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ առանց համակարգումի` մասնատումի դատապարտուած են նոյնիսկ ամենահզօր համայնքները:

Հայութեան պարագային նման հարթակ մը անհրաժեշտ է ոչ իբրեւ վարչական նոր կառոյց, այլ` մտաւոր եւ ռազմավարական խորհրդակցական մարմին:

Այդ մարմինը պէտք է համակարգէ, միատեղէ գիտական ուսումնասիրութիւնները, համայնքային փորձառութիւնը եւ ապագայի կանխատեսումները:

Անոր նպատակն է ոչ թէ վերահսկել, այլ` ուղղութիւն տալ:

Առանց համազգային ռազմավարական խորհրդակցութեան` սփիւռքի ջանքերը կը մնան մասնատուած, որքան ալ   ըլլան  ազնիւ եւ նուիրական:

Է.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հովանաւորութեամբ Համահայկական Նախաձեռնութիւն

Համազգային ռազմավարական խորհրդակցութեան գաղափարը բնականաբար կը պահանջէ վստահելի, բարոյական եւ համահայկական ընդունուած հարթակ:

Այս առումով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հանդիսանայ պատմական եւ բարոյական այն  հեղինակութիւնը, որ դարեր շարունակ եղած է համահայկական մտածողութեան առանցքային կեդրոնը  եւ բարձր  գնահատուած` իր  դերակատարութեամբ:

Առաջարկուող նախաձեռնութիւնը պէտք է ըլլայ բաց, բոլոր խաւերը  ընդգրկող եւ ոչ` հատուածական:

Անոր մասնակցողները պէտք է ընտրուին ոչ անպայման կուսակցական-գաղափարական պատկանելիութեան հիման վրայ, այլ` գիտական կարողութեամբ, փորձառութեամբ եւ ազգային տեսլականով  անձնաւորութիւններ:

Անոնց առաքելութիւնը պիտի ըլլայ`

– Սփիւռքի վիճակի ճշգրիտ ախտորոշում,
– Հայ համայնքին մասին վիճակագրական տուեալներու ուսումնասիրութիւն,
– Կրթական համակարգերու արժեւորում,
– Երիտասարդութեան ներգրաւման ռազմավարութիւն,
– Հայաստան-սփիւռք երկարաժամկէտ համագործակցութեան կառուցուածքային  ձեւաչափեր:

Շարունակական գործընթացի պէտք է վերածել այս նախաձեռնութիւնը:

Առանց բարոյական եւ մտաւոր համահայկական հարթակի` ռազմավարական մտածողութիւնը կը մնայ տեսական մակարդակի վրայ:

Ը.- Եզրակացութիւն. Սփիւռքը Պէտք Է Փրկել Ոչ Միայն Յիշողութեամբ, Այլ` Ծրագիրով

Սփիւռքը կենդանի իրականութիւն է, որ շարունակաբար կը փոխուի, կը զարգանայ եւ կը  դիմագրաւէ  ժամանակի  նոր մարտահրաւէրները:

Սակայն այս կենդանի իրականութիւնը չի կրնար երկարաժամկէտ գոյատեւել միայն զգացական կապերով կամ պատմական յիշողութեամբ:

Անոր անհրաժեշտ են` ծրագիր, ուղղութիւն եւ համահայկական մտածողութիւն:

Յիշողութիւնը մեզի կը կապէ անցեալին, ծրագիրը` ապագային:

Հայութիւնը դարեր շարունակ գոյատեւած է կազմակերպուած դիմադրողականութեան եւ վերածնունդի ներքին ուժով: Այսօր այդ ուժը պէտք է ստանայ նոր տեսք` վերածուելով համասփիւռքեան հայութեան ռազմավարական գիտակցութեան:

Ժողովուրդները կը կորսուին, երբ կը դադրին   ծրագրելէ իրենց ապագան:

(Շար. 3 եւ վերջ)

***

(Շար. 1)
(Շար. 2)

 

Leave a Comment