Լաւրով. «Հայաստանի Մօտ Շուտով Պիտի Կորսուի Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Ցանկութիւնը»

Հայաստանի մօտ շուտով պիտի կորսուի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ցանկութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Տնտեսապէս Եւրոպական Միութիւնը, բազմաթիւ գործօններու բերումով, ներառեալ իր կարճատեսութիւնը, չըսելու համար` յիմարութիւնը, կը կորսնցնէ իր առաւելութիւնները: Անշարժունակութիւն ունեցող երկիրները` մեր սերպ բարեկամները, հիմա ալ մեր հայ գործընկերները, կը ձգտին Եւրոպական Միութեան անդամակցելու: Վստահ եմ, որ անոնց մօտ այդ ցանկութիւնը շատ շուտով պիտի կորսուի», ըսած է Լաւրով` Արեւելեան տնտեսական խորհրդաժողովի ծիրին մէջ:

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը այսօր իր բոլոր տնտեսական առաւելութիւնները կը մսխէ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտնած է, որ Երեւան ինք պիտի որոշէ Եւրոպական Միութեան իր անդամակցութեան հարցը, իսկ Ռուսիան ինքնիրեն իրաւունք կը վերապահէ որոշելու հարցերը այն արտօնութիւններուն, որոնք Հայաստանը պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման պարագային:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը Երեւանի անձնական գործն է եւ գերիշխան իրաւունքը, ան ալ պէտք է այդ հարցը լուծէ:

«Իսկ մեր իրաւունքն է լուծել հարցերը այն արտօնութիւններուն, զորս Հայաստանը պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման պարագային:

«Ո՛չ, Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցը Հայաստանի գործն է: Ինչպէս որոշեն, այդպէս ալ պիտի ըլլայ: Ատիկա անոնց գերիշխան իրաւունքն է», ըսած է ան` պատասխանելով համապատասխան հարցումին` աւելցնելով, որ այդ հարցով Մոսկուայի հետ որեւէ հաղորդակցութիւն չկայ:

Օվերչուք «Վեսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ Արեւմուտքը այսօր փաստացի կը փորձէ Հայաստանը օգտագործել իբրեւ Ռուսիո՞յ դէմ գործիք:

Անոր համաձայն, Երեւան պէտք է կողմնորոշուի` արդեօք Ռուսիոյ հետ կը դաշնակցի, թէ՞ արեւմտեան երկիրներու աջակցութիւնը կ՛ակնկալէ: «Եւ եթէ անոնք կը կարծեն, թէ Եւրոպական Միութեան մասնակցութիւնը պիտի տայ նոյն արդիւնքները` ինչպէս կ՛ըսուի, «հրամմեցէ՛ք», ատիկա անոնց իրաւունքն է: Սակայն կան անոնք, որոնք ԵԱՏՄ-ի մէջ են, եւ անոնք մեր դաշնակիցներն են, եւ այդ ժամանակ մենք անոնց կ՛աջակցինք, կամ անոնք կ՛երթան այնտեղ եւ կ՛ակնկալեն աջակցութիւնը անոնց, որոնք այսօր փաստացի կը փորձեն Հայաստանը իբրեւ գործիք օգտագործել Ռուսիոյ դէմ», ըսած է Օվերչուք:

Ան նաեւ պատմած է, որ Հայաստան չ՛ուզեր դուրս գալ ԵԱՏՄ-էն: «Երկրին մէջ կը գիտակցին, թէ նման որոշումը ի՛նչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ», նշած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Արեւելեան տնտեսական խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ Հայաստանի կողմէ Ռուսիոյ քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնագիրի սահմանումը պիտի ըլլայ քայլ մը, որ ոչ թէ Մոսկուայի, այլ ինքնին Երեւանի դէմ ըլլայ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Եթէ Հայաստան յանկարծ նաեւ մուտքի արտօնագիրներ հաստատէ, ապա զանոնք պիտի հաստատէ ոչ թէ մեր դէմ, այլ իր սեփական քաղաքացիներուն դէմ», լրագրողներուն ըսած է Զախարովա:

Ան ընդգծած է, որ այդ որոշումը պիտի անդրադառնայ նաեւ Ռուսիոյ այն քաղաքացիներուն վրայ, որոնք Հայաստանի մէջ բազմաթիւ ազգականներ ունին:

 

 

Leave a Comment