Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Փութինի Հետ Հանդիպելու, Երբ Կողմերը Պատրաստ Ըլլան Ուքրանիոյ Հարցով Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպելու, երբ Մոսկուան ու Քիեւը պատրաստ ըլլան Ուքրանիոյ հարցով խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու:

Թրամփ նշած է, որ առեւտուրի համար հիանալի պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պահպանելը:

Նշենք, որ աղբիւրներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած էին, թէ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը գումարելու առաջարկ մը:

Leave a Comment