Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական ծանրութեան կեդրոնը կը տեղափոխուի դէպի արեւելք` հիւսիսային լայնութեան 39-րդ զուգահեռականի երկայնքով, անցնելով չորս անդամ պետութենէ` Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, եւ Թուրքիայէն: Այս մասին Մոնաքոյի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու յանձնախումբի նիստի ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալեն Պերսէ:
«Այդ պետութիւնները կը գտնուին խաչմերուկին վրայ Ուքրանիոյ մէջ, Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմներու եւ Կեդրոնական Ասիոյ քաղաքական ու տնտեսական փոփոխութիւններու, որոնց տարողութիւնը Եւրոպան տակաւին չէ իւրացուցած: Ուաշինկթընի հռչակագիրէն մէկ տարի ետք Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը իրական կարելիութիւն ունին յառաջընթացը վերածելու կայուն խաղաղութեան, իսկ Հայաստանն ու Թուրքիան քայլերու ձեռնարկած են յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսած է Պերսէ:
Առանձին անդրադառնալով Թուրքիոյ` ան ընդգծած է, որ բնակչութեան թիւով անիկա ՕԹԱՆ-ի մեծագոյն անդամներէն է եւ ՕԹԱՆ-ի մեծութեամբ երկրորդ զինուորական ուժը, ուստի առանց Անգարայի, ցամաքամասի անվտանգութեան վերաբերեալ ոչ մէկ լուրջ խօսակցութիւն կրնայ տեղի ունենալ:
«Կառավարութիւններու միջեւ խաղաղութիւնը բաւարար չէ: Ատոր համար անհրաժեշտ են հասարակութիւններու միջեւ վստահութիւնը, իրաւունքներու յարգումը եւ հաշտեցումը պահպանելու ունակ հաստատութիւնները, ինչ որ կ՛ապահովէ իրաւական ընդհանուր տարածքը», եզրափակած է Եւրոպայի խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը: