Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ վեց եպիսկոպոսներու գործը քննել, ըստ էութեան, չէ համաձայնած նաեւ երրորդ դատաւորը` պատճառաբանելով, որ անիկա իր իրաւասութեան ներքեւ չէ:
Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան դիմած է Վճռաբեկ դատարան` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական վարոյթի ընդդատութեան հարցը լուծելու պահանջով:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին դատարանէն յայտնած են, որ դատաւորի դիմումի հիմքին մէջ Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի 263-րդ յօդուածի 4-րդ մասն է:
Իրաւական այդ կանոնին համաձայն, վարոյթը ըստ ընդդատութեան ստացած դատարանը, մինչեւ նախնական դատալսումներ նշանակելը, իրաւասու է որոշումով վիճարկել անոր ընդդատութիւնը: Այդ պարագային, վարոյթի ընդդատութեան հարցը հնգօրեայ ժամկէտի մէջ վերջնականապէս կը լուծուի Վճռաբեկ դատարանի քրէական պալատի նախագահին որոշումով: Վճռաբեկ դատարանը պիտի որոշէ Երեւանի՞, թէ՞ Արմաւիրի դատարանը պիտի քննէ գործը: