Այսօր կը սկսի տարուան վերջին կրան շլեմի թենիսի մրցաշարքը` «Եու. Էս. Օփըն»-ը:
Նախկին թիւ 1 թենիսմեն սպանացի Քարլոս Ալքարաս այսօր պիտի ունենայ իր առաջին ելոյթը` 4 ամիսներէ աւելի հեռու մնալէ ետք թենիսէն (դաստակը վիրաւորելուն պատճառով):
23 տարեկան Ալքարաս անցեալ ապրիլի սկիզբէն վիրաւորուած էր, բայց այժմ պատրաստ կը զգայ ինքզինք:
Անցեալ տարուան «Եու. Էս. Օփըն»-ի ախոյեանը պիտի փորձէ մնալ տիտղոսակիր, մանաւանդ որ թիւ 1 թենիսմէն իտալացի Եանիք Սինըր վիրաւոր է: Անցեալ տարի Ալքարաս թիւ 1 դիրքը խլած էր Սինըրէն` «Եու. Էս. Օփըն»-ի յաղթանակէն ետք, բայց այս տարի Սինըր բացակայ ըլլալով (աջ ծունկը վիրաւորած է), Ալքարաս կը մնայ թիւ 1 թեկնածուն: Սինըր վերստին առաջին դիրքը գրաւած էր Ուիմպըլտընի տիտղոսը շահելէ ետք: Ալքարաս այս տարի կրցած էր Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքը շահիլ` պարտութեան մատնելէ ետք սերպ վեթերան թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչը:
Ալքարաս արդէն իսկ սկսաւ իր ելոյթները «Եու. Էս. Օփըն»-ի գծով, խառն զոյգերու ելոյթով` Սերենա Ուիլիամսի հետ: