Լեհաստանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին յունահռոմէական ոճի հայ ըմբիշներ կրցան 4 մետալ նուաճել:
«Վլատիսլաւ Փիթլասինսքի»-ի անուան 69-րդ միջազգային մրցաշարքին, Սուրէն Աղաջանեան եւ Սամուէլ Գրիգորեան ոսկի մետալներ շահեցան, Գէորգ Թադեւոսեան արծաթ մետալ նուաճեց, իսկ Հրաչեայ Պօղոսեան` պրոնզէ մետալ:
Այս մրցաշարքի յունահռոմէական ոճի մրցումներուն մասնակցեցան վեց ներկայացուցիչներ: Առանց մետալի մնացին Գասպար Տէրտէրեան, որ պրոնզէ մետալի մրցումին պարտութիւն կրած էր, մինչ աշխարհի ախոյեան Մալխաս Ամոյեան վիրաւորուելով չէր կրցած ամբողջացնել մրցաշարքը:
82 քկ կշիռի կարգի մրցումներուն Սամուէլ Գրիգորեան աւարտական մրցումին ոչ մէկ առիթ տուաւ սերպ մրցակից Անթալ Վամոշին եւ անոր յաղթեց 7-0 արդիւնքով:
60 քկ կշիռի մրցումներուն, Սուրէն Աղաջանեան 9-0 արդիւնքով եւ մրցումի աւարտէն առաջ 9-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Գերմանիան ներկայացնող Ապտուլմոհամետ Փափիի: Հրաչեայ Պօղոսեան իր կարգին իր միակ պարտութիւնը կրած էր Փափիէն (կիսաւարտականին)` 5-7 արդիւնքով:
Գէորգ Թադեւոսեան 87 քկ կշիռի մրցումներուն Խըրխըզիստանի մրցակից Ասան Ժանիշովէն 6-0 արդիւնքով պարտուեցաւ եւ նուաճեց արծաթ մետալ: