Մեսսի 927-ի Հասցուց Կոլերու Իր Հաշիւը

Անցեալ տարեշրջանին «Էմ. Էլ. Էս.» բաժակի մրցաշարքը շահելէ ետք, Ինթեր Մայեմի Մոնտիալէն ետք 5 մրցումներուն յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել:

Արեւելեան շրջանի դասաւորման նախավերջին դիրքը գրաւող Մոնրէալ խումբին դէմ մրցումը լաւ առիթ էր Ինթեր Մայեմիի համար, որ իր յաղթանակներու շարքին վերադառնայ, եւ այդպէս ալ եղաւ:

Պրազիլի ազգային խումբի միջնապահ Քասեմիրօ, որ մոնտիալէն ետք միացած էր Ինթեր Մայեմիին, 20-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը: Մոնրէալ 37-րդ վայրկեանին հաւասարեցաւ: 3 վայրկեան ետք Լիոնել Մեսսի ազատ հարուածով կրցաւ նշանակել մանաւանդ յետսապահի մը դպնալէ ետք: Բ. կիսախաղի սկիզբէն Մեսսի իր «հին օրերուն նման» քանի մը մրցակիցներ խաղի բերելէ ետք նշանակեց Ինթեր Մայեմիի 3-րդ կոլը: Մայեմիի 4-րդ կոլը նշանակեց ուրուկուէյցի Լուիս Սուարես, Մեսսիի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք: 83-րդ վայրկեանին Մեսսի լոպով մը ամբողջացուց հեթ-թրիքը: Տակաւին ժամանակ կար, եւ Ալեք Շօ 89-րդ վայրկեանին նշանակեց Մայեմիի 6-րդ կոլը:

Յաւելուած վայրկեաններուն Մեսսի ազատ հարուածով կոլ մը եւս նշանակեց, եւ Մայեմի 7-1 արդիւնքով փակեց հաշիւը: Մեսսիի ասպարէզի կոլերու հաշիւը հասաւ 927-ի:

Մայեմի Արեւելեան շրջանի 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Նաշվիլի ետին, որ 10 կէտերու առաւելութիւն ունի Մեսսիի ակումբին վրայ:

Շիքակօ Ֆայըր կը գրաւէ Գ. դիրքը, որուն նոր մարզիկներէն Ռոպերթ Լեվանովսքիի փենալթին նշանակած էր 2-2-ի կոլը` Սիեթըլ Սաունտըրզի դաշտին վրայ:

Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Վանքուվըր Ուայթքեփս, որ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Քանսաս Սիթին: Գերմանացի Թոմաս Միւլըր (փենալթիով) նշանակեց Վանքուվըրի առաջին կոլը:

 

Leave a Comment