Կալուզին. «Երեւանի Փաստարկները Բացարձակապէս Չեն Համապատասխաներ Իրականութեան»

Ինքնին ռուս երկաթուղային աշխատողներուն փորձառութիւնն էր, որ Հայաստանին օգնեց պահպանել մրցակցային առաւելութիւնները: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին համաձայն, ատիկա է, որ այսօր կ՛արտօնէ քննարկումներ ծաւալել շրջանին մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ:

«Երեւանի փաստարկները, թէ ռուսական արտօնատիրութիւնը, իբրեւ թէ, կը խանգարէ Հայաստանին դառնալ գումակային նախաձեռնութիւններու մասնակից, բացարձակապէս չեն համապատասխաներ իրականութեան: Այս առնչութեամբ բոլոր բացատրութիւնները տրուած են տարբեր մակարդակներով: Հայկական կողմը կը դժուարանայ հակափաստարկներ բերելու», ըսած է ռուս դիւանագէտը:

Կալուզին նաեւ նշած է, որ շարք մը հայ պաշտօնատարներ եւ լրատուամիջոցներ ռուսական շուկայ հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի որոշակի տեսակներու մատակարարման սահմանափակումները կը ներկայացնեն իբրեւ Մոսկուայի կողմէ կիրարկուած «պատժամիջոցներ»:

«Ասոնք շահագործումներ են, որոնք իրականութեան հետ որեւէ կապ չունին», ըսած է փոխնախարարը:

Ան ընդգծած է, որ ռուսական կողմը միշտ յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է բուսական-առողջապահական վերահսկողութեան:

«Աւելի՛ն, Հայաստանի ղեկավարութիւնը ինք ընդունած է, որ որոշակի ապրանքներու հետ կապուած կան որակի խնդիրներ», ընդգծած է Կալուզին:

 

 

 

Leave a Comment