Ֆորուզան. «Իրան Կոչ Ուղղած Է Վերացնելու Հայաստանի Հետ Սահմանի «Նորդուզ» Անցակէտով Տարանցման Խոչընդոտները»

 

Իրան կոչ ուղղած է` վերացնելու Հայաստանի հետ սահմանի «Նորդուզ» անցակէտով տարանցման խոչընդոտները: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի ազատ առեւտրաարդիւնաբերական եւ յատուկ տնտեսական գօտիներու բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Հուսէյն Ֆորուզան` սահմանային անցակէտ կատարած այցելութեան ժամանակ:

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը իր կարգին ընդգծած է Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրական, տարանցիկ եւ տնտեսական կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ԵԱՏՄ-ի շուկաներ մուտքի ընդլայնման կարեւորութիւնը:

Leave a Comment