Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումներ Հարաւային Լիբանանի Վրայ. «Հըզպալլան Ալի Թահեր Բլուրին Վրայ Մեր Ուժերը Թիրախաւորեց» Կը Պնդէ Իսրայէլեան Բանակը

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, թէ Հըզպալլան չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշեր ականուած երկու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած է հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բլուրի շրջանին մէջ գտնուող իր ուժերը, որոնց շարքերուն մէջ վնասներ չեն արձանագրուած:

Իսրայէլեան բանակը ըսաւ, թէ իր ուժերը յաջողած են երկու անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը վնասազերծել, իսկ միւսը կորսուած է` աւելցնելով, որ «ներկայիս իսրայէլեան բանակը ուժգին կերպով կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել հարաւային Լիբանանի մէջ իր ուժերը թիրախաւորելու Հըզպալլայի փորձերուն դէմ»:

Ըստ իսրայէլեան բանակին, անցեալ ամսուան ընթացքին Ալի Թահեր բլուրի շրջանին մէջ իր ուժերուն ուղղութեամբ հինգ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքեր արձակուած են:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը երէկ կէսօրին հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը սկսած է հարաւային Լիբանանի մէջ օդային յարձակումներ կատարել` հակադարձելով «Հըզպալլայի խախտումներուն»:

Հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Արապսալիմ գիւղին վրայ իսրայէլեան յարձակումներու պատճառով արձանագրուեցան զոհ մը եւ 6 վիրաւորներ:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մըն ալ յարձակում գործեց Նապաթիէի մէջ ճարտարարուեստական քաղաքի մերձակայքը, իսկ մէկ այլ անօդաչու թռչող սարք մը Տաուհաթ Քֆարրմանի մէջ երկու ձայնային ռումբեր նետեց:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործեց Նապաթիէ Ֆաուքա գիւղին վրայ, իսկ իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Մանսուրի եւ Խիամ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Ռաշաֆ գիւղի մերձակայքը:

Իսրայէլեան հրետանին ռմբակոծեց Ռաշաֆի մերձակայքը եւ Հարիսի ու Հատտասայի միջեւ գտնուող շրջանը:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ Նապաթիէի մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներ, պահեստանոցներ ու մարտական միջոցներ յարձակումի ենթարկած է:

 

 

Leave a Comment