Ռուսիան Հայաստանէն ետ պիտի վերցնէ բոլոր «նուէրները» եւ արտօնութիւնները, եթէ այդ երկիրը շարունակէ Արեւմուտքի հետ իր սիրախաղը», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերու յանձնախումբի փոխնախագահ Ալեքսէյ Չեփա:
«Հայաստանը չի կրնար երկու աթոռի վրայ միաժամանակ նստիլ: Անոնք կ՛ուզեն Ռուսիայէն արտօնութիւններ ստանալ, սակայն նաեւ Արեւմուտքի խաղը խաղալ: Թող խաղան, սակայն այդ պարագային, բնականաբար, մենք ալ մեր «նուէրները» պիտի վերցնենք», նշած է ան` աւելցնելով, որ այդ պարագային «Փաշինեան բարդ կացութեան մէջ պիտի յայտնուի»:
Մոսկուա կը պնդէ, որ Հայաստան պէտք է հանրաքուէ կատարէ` ընտրութիւն կատարելով Եւրոպական եւ Եւրասիական միութիւններուն միջեւ:
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին իր կարգին յայտարարած է, որ Հայաստանի քաղաքականութիւնը, որ կը յայտարարէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մտադրութեան մասին եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛օգտագործէ ԵԱՏՄ-ի կարելիութիւնները, լկտի է:
«Ցանկալի է, որ Հայաստանը կեղծաւոր քաղաքականութիւն չվարէ, որովհետեւ եթէ Հայաստանը կ՛ընդունի Եւրոպական Միութեան անդամակցելու մտադրութիւններու մասին օրէնք, ապա ինչո՞ւ կ՛օգտագործէք ԵԱՏՄ-ի կարելիութիւնները: Ինչո՞ւ կը խաբէք անոր մասնակիցները: Ատիկա լկտիութիւն է, ատիկա սխալ է: Յստակ ըսէք` դուք Եւրոպական Միութիւն կ՛երթա՞ք: Գացէ՛ք: Սակայն այդ պարագային պէտք չէ այստեղ արտօնութիւններ ստանալ», նշած է Վոլոտին: