Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ասիոյ Ողիմպիական խորհուրդի Ասիոյ գրասենեակի նախագահ եւ խորհուրդին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի տնօրէն շէյխ Ֆայսալ Ահմետ Ալի Ալ Թանին, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Քաթարի հիւպատոս ու դեսպանատան գործավար Սէյֆ Մաժետ Մանսուրին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանի եւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սէուտ Պըն Ապտուլռահման Ալ Թանիի:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական յանձնախումբի կացութեան` կեդրոնանալով լիբանանեան մարմնակրթութեան շահերու ապահովման եւ օրէնքներու ու կանոններու, ինչպէս նաեւ Ողիմպիական ուխտի յարգանքին վրայ:
Ա
յնուհետեւ նախագահ Աունի հիւրերը այցելեցին վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցան վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, որուն հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարեցին եւ կեդրոնացան միեւնոյն հարցերուն վրայ: