Ապտի Սուրիոյ Նախագահական Պալատէն. «Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերու Լուծարումն Ու Պետութեան Հաստատութիւններուն Մէջ Ամբողջական Համարկումը Կը Յայտարարենք»

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտի Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարումն ու պետութեան հաստատութիւններուն մէջ ամբողջական համարկումը յայտարարեց:

«Այսօր կանգնած ենք պատմական պահու մը առջեւ, երբ կը փակենք Սուրիոյ պատմութեան մէկ կարեւոր էջը եւ կը բանանք նոր էջ մը, որուն խորագիրը խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ կառուցում է», նշեց ան:

«Այսօր պայմանները փոխուած են, եւ երկիրը մուտք գործեց նոր փուլ, որուն խորագիրը խաղաղութիւնն ու նոր Սուրիոյ կառուցումն է: Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ համաձայնութենէն եւ մեր ուժերը սուրիական բանակի զօրամասերուն մէջ համարկելու գործողութեան ամբողջացումէն ետք, այսօր Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու առաքելութեան աւարտը կը յայտարարենք, ինչպէս նաեւ ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարենք անոր իբրեւ զինուորական անկախ ուժ լուծարումը», յայտնեց Ապտի:

«Կ՛ուզենք, որ այս օրը ճակատամարտի դաշտերէն դէպի կառուցման դաշտ, եւ զէնքի ժամանակէն խաղաղութեան ժամանակ իսկական փոխանցման սկիզբը ըլլայ», ըսաւ ան:

Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երեքշաբթի երեկոյեան Սուրիոյ նախագահական պալատին մէջ ընդունած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու հրամանատար Մազլում Ապտին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ արտաքին գործոց եւ արտերկրի սուրիացիներու հարցերու նախարար Ասաատ Շիպանիի եւ Տէր Զօրի նահանգապետ Զիատ Այաշի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Սուրիոյ պետական հաստատութիւններուն մէջ համարկման առնչուած շարք մը թղթածրարներ, ինչպէս նաեւ յաջորդ փուլին առնչուած քայլերը` պետութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու եւ անվտանգութեան ու կայունութեան աջակցելու համար:

Նախքան այդ, Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդած էր, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ընդհանուր հրամանատար Մազլում Ապտի Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի խորհրդական նշանակուած է, եւ համաձայնութիւն գոյացած է կիներու պաշտպանութեան ուժերը ներքին գործոց նախարարութեան կցելու:

Պարրաք. «Պատմական Իրադարձութիւն»

Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու լուծարումն ու սուրիական պետութեան հաստատութիւններուն հետ համարկումը նկատեց «պատմական իրադարձութիւն»:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Միջին Արեւելքի համար շարունակուող ծրագիրը ականատես կը դառնայ հաստատ գործընկերի մը դէպի ազգային շրջագիծ յառաջընթացին ու բոլորին համար Միացեալ Սուրիոյ մէջ կազմութեան սկիզբին», նշեց ան:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահի հեռատես ղեկավարութիւնը Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու Սուրիոյ պետութեան մէջ կանոնաւոր համարկման ճամբան հարթեց», ըսաւ Պարրաք:

 

 

Leave a Comment