Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ հաշուետուութեան պիտի ենթարկեն այն կողմերը, որոնք իրանեան վարչակարգին ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն»:
«Պէտք է իրանեան տնտեսութեան երակներու մնացորդին վրայ ելեւմտական ճնշումը շարունակել», նշեց նախարարութիւնը:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտնեց. «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները միակողմանի են, եւ անոնց աջակցելու որոշում չկայ»:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Շնորհիւ մեր որդեգրած տնտեսական քայլերուն, Ամերիկան այս փուլին իր ճնշումներուն ճամբով որեւէ շահ պիտի չապահովէ»:
«Աքսիոս» կայքին համաձայն, «Թրամփի վարչակազմի Իրանի նկատմամբ որդեգրած ներկայ քաղաքականութիւնը առնուազն մինչեւ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններէն ետք պիտի երկարի»: Նշենք, որ միջանկեալ ընտրութիւնները նախատեսուած են 3 նոյեմբերին:
Ամերիկեան կայքը նաեւ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ շարք մը երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ծանուցած է, թէ իր երկիրը չի ծրագրեր տեսանելի ապագային նոր հարուածներ հասցնել Իրանին եւ պիտի կեդրոնանայ Թեհրանի նկատմամբ ճնշման միջոցներու վրայ:
Ըստ «Աքսիոս»-ի տուեալներուն, Ռուպիօ հասկցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ծրագրեր լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ վերսկսելու, սակայն չէ բացառած հարուածները, եթէ Իրան առաջինը յարձակում գործէ:
Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը եւ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը երեքշաբթի օր հաղորդեցին, որ Ուաշինկթըն իր դիւանագէտները կը վերադարձնէ Միջին Արեւելքի մէջ իր դեսպանատուներ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաղեր Ղալիպաֆ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իրանի վրայ պատերազմ շղթայազերծեցին իսլամական հանրապետութիւնը տապալելու եւ շրջանին վրայ իրենց տիրապետութիւնը ընդլայնելու համար, սակայն Թեհրանի առջեւ զինուորական եւ քաղաքական պարտութիւն կրեցին եւ տնտեսական գետնի վրայ եւս պարտութիւն պիտի կրեն»:
«Շրջանը ականատես կը դառնայ շրջանային նոր համակարգի կազմութեան», նշեց ան` ներկայ փուլը նկատելով «Իրանի եւ Իրաքի համար զգայուն ու պատմական»:
Անոր համաձայն, երկու երկիրները կարող են «այս համակարգի մշակման մէջ վճռական դերակատարութիւն ունենալ, մասնաւորաբար Ծոցի շրջանին մէջ»:
Ղալիպաֆ զգուշացուց, որ Իսրայէլ կը ջանայ ընդլայնել պատերազմի ծիրը եւ շրջանէն այլ պետութիւններ անոր մէջ ներքաշել:
Իրանի խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ եթէ Իսրայէլ Իրանի դէմ պատերազմին մէջ յաջողէր, շրջանին մէջ այլ երկիրներու թիրախաւորման պիտի ձեռնարկէր: Ան իսլամական պետութիւններուն կոչ ուղղեց` շրջանցելու վիճելի հարցերը եւ ամրապնդելու գործակցութիւնը` շրջանային մարտահրաւէրներու դիմակայման համար:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան Սայիտ Իրուանի յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցին վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնները կրնան ձեռք բերել միայն անոր սահմանակից երկու երկիրները` Իրանն ու Օմանը»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց. «Իրան Հորմուզի նեղուցին վրայ իր վերահսկողութիւնը կորսնցուց, եւ այժմ մենք անոր կը վերահսկենք»:
Ան նշեց, որ շրջափակումը Իրանը կը զրկէ եկամուտներէ, «եւ երկու շաբթուան ընթացքին Խարք կղզիին վրայ որեւէ քարիւղատար չտեսանք»:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատի նշեց. «Օմանի հետ Հորմուզի նեղուցին մէջ նախկին երթուղիի այլընտրանք երթուղիի վերաբերեալ համաձայնութեան շուրջ թեքնիք բանակցութիւններու վերաբերեալ փոխըմբռնում գոյացուցինք»:
«Հորմուզի նեղուցի ապագայ կառավարման դասաւորումներուն վերաբերեալ 30-էն 60 օր տեւողութեամբ բանակցութիւններ պիտի վարենք», աւելցուց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ Իրանի խաղաղութեան ու կայունութեան յանձնառութեան կողքին անոր դրացիներուն հետ հաստատ դիւանագիտութիւն գոյութիւն ունի, «եւ փաքիստանցի եւ օմանցի հիւրերուն հետ բանակցութիւններուն ընթացքին շրջանային լուծումները ընդգծուեցան»:
Արաղչի ըսաւ, որ կը պատրաստուի նոր միջանցքի առաջարկ մը, որուն մաս կը կազմէ ականներու միասնաբար վերացումն ու Հորմուզի նեղուցի ապագայ կառավարումը:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբերը իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրանն ու Օմանը Հորմուզի նեղուցի եւ անոր եկամուտներու բաժնեկցութեան շուրջ համաձայնութիւններ գոյացուցին»` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կը խոչընդոտեն Օմանի եւ Իրանի միջեւ բանակցութեան հոլովոյթը, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ անիկա երկարի»: