«Սի. Այ. Էյ.»-ի Տնօրէնը Մոսկուա՞ Այցելած Է

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ երեքշաբթի օր Մոսկուա այցելած է: Թռիչքներու հետեւող տուեալներ եւ ընկերային ցանցի վրայ տարածուած տեսագրութիւններ ցոյց տուին ամերիկեան զինուորական օդանաւի մը էջքը Ռուսիոյ մայրաքաղաք, եւ ամերիկեան ինքնաշարժներու շարասիւնի մը երթը Մոսկուայի ճամբաներուն վրայ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Աքսիոս»-ին, իսկ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Սի.Պի.Էս.Նիուզ»-ի հաստատեցին Ռաթքլիֆի այցելութեան լուրը:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Աքսիոս»-ին յայտնեց, թէ նախքան այդ, Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ տեղեկացուցած է, թէ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը Մոսկուա կ՛ուղղուի, եւ խնդրած մինչեւ անոր հեռանալը օդային յարձակումները դադրեցնել:

Այցելութեան նպատակը յստակ չէ, սակայն անիկա «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին ղեկավար Ուիլիըմ Պըռնզի Մոսկուա այցելութենէն ետք, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնի առաջին այցելութիւնն է Ռուսիոյ մայրաքաղաք: Պըռնզ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժելէն երեք ամիս առաջ` նոյեմբեր 2021-ին Մոսկուա այցելելով հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեցին, որ Ռաթքլիֆ կրնայ Փութինի հետ հանդիպիլ զայն զգուշացնելու համար:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «Սի. Այ. Էյ.»-ի տնօրէնի Մոսկուա այցելութիւնը «հետախուզական մարմիններու միջեւ հաղորդակցութեան» առնչուած է, եւ տակաւին կանուխ է ատոր ազդեցութեան մասին խօսելու:

Ան աւելցուց, որ Ռաթքլիֆի եւ Փութինի միջեւ հանդիպում տեղի չէ ունեցած:

 

Leave a Comment