Սաար. «Սուրիոյ Մէջ Թրքական Ռազմակայաններու Ստեղծումը Պիտի Չընդունինք»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար յայտնեց. «Թուրքիոյ հետ մագլցումին մէջ որեւէ շահ չունինք: Սուրիոյ մէջ մեր շահը կայունութեան ապահովումն ու ներկայ ապահովական կացութեան պահպանումն է»` նշելով. «Թուրքիան քանի մը տարիէ ի վեր ներկայ է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ»:

«Այն, ինչ որ չենք կրնար ընդունիլ ու չենք ուզեր տեսնել, Սուրիոյ մէջ թրքական ռազմակայաններու ստեղծումը կամ թրքական զինուորական ուժերու հարաւ իջնելն է: Ասոնք բաներ են, զորս Իսրայէլ չի կրնար ընդունիլ», շեշտեց իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը հետախուզական տեղեկութիւններ ստանալէն ետք քանի մը անգամ յանձնարարեց Սուրիոյ մէջ Ապու Զուհուր զինուորական օդակայանին վրայ յարձակում գործել»:

«Ստացանք տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիան մտադիր է Ապու Զուհուր օդակայանին մէջ կատարել աշխատանքներ, որոնք Իսրայէլի անվտանգութեան կը սպառնան», ըսաւ ան:

«Ապու Զուհուր օդակայանին վրայ մեր կատարած յարձակումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստիպուեցաւ նահանջել», նշեց ան` աւելցնելով. «Ոչ մէկ կողմի պիտի արտօնենք Իսրայէլի անվտանգութիւնը վտանգի ենթարկել, եւ դէմ պիտի կանգնինք, ինչպէս որ կանգնեցանք հարաւային Սուրիոյ մէջ», ընդգծեց Քաց:

«Ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի յայտարարութիւնը կը պարունակէ բազմաթիւ սխալներ, որոնք կը հակասեն ինքնին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքորոշման», նշեց Քաց:

Նշենք, որ Պարրաք յայտարարած էր. «Իսրայէլ տակաւին Կոլանը բռնագրաւուած կը պահէ` հակադրուելով ՄԱԿ-ի որոշումներուն եւ ամբողջ միջազգային համակարգին»:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտնեց. «Նեթանիահուի վարչակազմին Թուրքիան իբրեւ նոր սպառնալիք ներկայացնելու ջանքերը պարզապէս ընտրական քաղաքականութեան մաս են»:

 

Leave a Comment