Փաքիստանեան Բանակի Հրամանատարը Այսօր Թեհրան Կ՛այցելէ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, թէ փաքիստանեան բանակի հրամանատար զօր. Ասեմ Մունիր այսօր պաշտօնական պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ Թեհրան պիտի այցելէ:

Պաղայի նշեց, որ սպասուող այցելութեան նպատակը Իրանի ու Փաքիստանի միջեւ գործակցութեան ամրապնդումն է եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան աջակցութեան Իսլամապատի ջանքերու շարունակութիւնը:

Մունիր հանդիպում պիտի ունենայ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Շրջանային պաշտօնատարներ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեցին, որ փաքիստանեան բանակի հրամանատարի այցելութիւնը Իսլամապատի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու, ինչպէս նաեւ զանոնք բանակցութեան սեղան վերադառնալ մղելու շարունակուող ջանքերու ծիրին մէջ է:

Այցելութիւնը յայտարարուեցաւ Մունիրի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէն ետք:

Leave a Comment