Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Ազրպէյճան Աշխատանք Կը Տանի Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Լարուածութիւնը Հանդարտեցնելու

Ազրպէյճան աշխատանք կը տանի Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու` ամերիկեան նոյնանման ջանքերու զուգահեռ: Այս մասին իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են իսրայէլեան աղբիւրներ:

Աղբիւրներուն համաձայն, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն շուրջ մէկ տարի առաջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ նախաձեռնած էր ուղղակի երկխօսութեան, որուն շնորհիւ երկու կողմերուն միջեւ Սուրիոյ մէջ համակարգման մեքանիզմ ստեղծելու համաձայնութիւն գոյացած էր:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնած է, թէ Ազրպէյճան «շատ մտահոգ է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութենէն»` նշելով, որ երկու երկիրները Պաքուի դաշնակիցներ կը նկատուին, եւ աւելցնելով, որ Ազրպէյճան, երկու կողմերուն հետ իր սերտ յարաբերութիւններէն օգտուելով, քուլիսներու ետին կ՛աշխատի` փորձելով տարակարծութեան ընդլայնումը կանխարգիլել:

Օրաթերթը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին կ՛աշխատին երկու կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու, սակայն Իսրայէլի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի հարցով ամերիկեան յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաքի նկատմամբ «յստակ անվստահութիւն» գոյութիւն ունի, վերջինիս Իտլիպի արեւելքին մէջ Ապու Զուհուր օդակայանին վրայ իսրայէլեան վերջին օդային յարձակումներուն հրապարակային քննադատութիւններէն ետք:

 

Leave a Comment