Պաքուի Վերաքննիչ դատարանը անփոփոխ պահեց դատավճիռը Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն, որոնք դատապարտուած են ցմահ կամ 20 տարուան բանտարկութեան: Լուրը հրապարակած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, որոնք նաեւ լուսանկարներ տեղադրած են դատական նիստէն:
Յիշեցնենք, որ 5 փետրուարին Պաքուի ռազմական դատարանը Արայիկ Յարութիւնեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Իշխանեանն ու Դաւիթ Բաբայեանը դատապարտած էր ցմահ բանտարկութեան, Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը` 20 տարուան, Մատաթ Բաբայեանն ու Մելիքսէթ Փաշեանը` 19 տարուան, Գարիկ Մարտիրոսեանը` 18, Դաւիթ Ալավերդեանն ու Լեւոն Բալայեանը` 16, Վասիլի Բեգլարեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը` 15 տարուան բանտարկութեան: