Երեւան Պաքուի Մէջ Պահուող Գերիներուն Հետ Տեսակցելու Հարցով Դիմած Է Երրորդ Երկրի

«Սփութնիք Արմէնիա» լրատուամիջոցին կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղուած գրաւոր հարցումին ի պատասխան` նախարարութիւնը հաստատեց, որ  Հայաստան դիմած է երրորդ` չէզոք երկրի, հիւպատոսական այցելութիւն կազմակերպելու եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հետ տեսակցելու խնդրանքով, սակայն նման այցելութեան կազմակերպման համար անհրաժեշտ է Պաքուի համաձայնութիւնը:

Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց, որ պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն հետ` հայ գերիներուն հետ տեսակցելու կարելիութեան հարցով:

Լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ արտաքին գործոց նախարարութենէն չեն նշած, թէ յստակ ո՛ր երկրին դիմած են: «Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը պարբերաբար հանդիպումներ է ունենում Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչների հետ եւ քննարկում նրանց հետ տեսակցելու հնարաւորութեան հարցը, սակայն ընթացիկ տարում ԿԽՄԿ-ին համապատասխան թոյլտուութիւն չի տրուել», կը նշուի նախարարութեան պատասխանին մէջ:

«Սփութնիք Արմէնիա»-ն նաեւ ուզած է գիտնալ, թէ գերիներու հարազատներէն արդեօք պաշտօնական գրութիւն ստացա՞ծ են Պաքու այցելութեան կազմակերպման պետական աջակցութեան խնդրանքով: Նախարարութենէն յայտնեցին, որ պաշտօնական գրութիւն չեն ստացած, սակայն հարցին մասին տեղեակ են կառավարութեան ուղղուած բաց նամակէն: Անոնք վստահեցուցին,  որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ անձերու հարցի հասցէագրումը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուշադրութեան կեդրոնը` նպատակ ունենալով ապահովել անոնց վերադարձը հայրենիք:

«Խաղաղութեան հաստատման եւ դրա ամրապնդման յանձնառութեան համաթեքսթում, ինչպէս նաեւ շարունակական երկխօսութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների շրջանակում Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կարեւորութիւն է տալիս նաեւ մարդասիրական խնդիրների ամբողջ շրջանակին», դիտել կու տայ նախարարութիւնը:

Միւս կողմէ, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ Սիրանուշ Սահակեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուաւ, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է թափանցիկ կերպով հանրութիւնը տեղեակ պահէ` արդեօք պաշտօնապէս դիմա՞ծ է Պաքուին Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն տեսակցելու հարցով երրորդ երկրի միջնորդութեան վերաբերեալ: «Յստակեցուած չէ` երրորդ երկիրը տուե՞լ է իր համաձայնութիւնը, եւ արդեօք այդ երրորդ երկրի թեկնածութեան առնչութեամբ պաշտօնական դիմում ներկայացուա՞ծ է Ազրպէյճանի իշխանութիւններին», հարց տուաւ ան:

Նախորդ տարի քանի մը տասնեակ հասարակական կազմակերպութիւններ դիմած էին արտաքին գործոց նախարարութեան` խնդրելով, որ ան դիմէ չէզոք որեւէ երկրի, որուն հիւպատոսական ծառայողները կարելիութիւն պիտի ունենան այցելել Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն եւ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ անոնց վիճակին: Սակայն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ դիմումը ցարդ անարձագանգ ձգած էր:

Սահակեան` յղում կատարելով միջազգային փորձառութեան, նշեց, որ այս տեղեկութիւնները հրապարակային են եւ պէտք է հասանելի դառնան հանրութեան: «Եթէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք է բերուել, եւ դրական մօտեցում է ցուցաբերել երրորդ երկիրը, ճիշդ է, որ այդ անունը լինի թափանցիկ հանրութեան համար, եւ նաեւ արտաքին գործերի նախարարութիւնը թափանցիկ կերպով պաշտօնապէս դիմի Ազրպէյճանի իշխանութիւններին, որպէսզի համաձայնեցնի թեկնածութիւնը», ընդգծեց ան:

Եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչը նշեց, որ, ըստ ընթացակարգի, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Ազրպէյճանը պէտք է համաձայնութեան գան թեկնածու երկրին շուրջ: Միայն անկէ ետք փաստօրէն կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել այցելութիւնը:

Սահակեան հաստատեց, որ Ազրպէյճանի մէջ պահուող 20 հայ գերիներուն այցելութիւնը այս պահուն յոյժ կարեւոր է` հաշուի առնելով, որ նախորդ տարուընէ անոնք յայտնուած են կատարեալ մեկուսացման մէջ: Որոշ ռազմագերիներ իրենց ընտանիքներուն հետ 40 օրը անգամ մը միայն հեռաձայնով կը խօսին, ինչ որ ա՛լ աւելի ծանր վիճակի մէջ կը դնէ ընտանիքները:

«Մենք ահազանգեր ստացել ենք լուրջ վնասուածքների վերաբերեալ», նշեց Սահակեան` մանրամասներով, որ գերիներուն հարազատներէն տեղեկութիւն ստացած են, որ անոնք վիրաւորումներ ունին, սակայն կարելի չէ եղած ճշդել, եթէ անոնք բռնութեան հետեւանք են:

 

Leave a Comment