Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ուրբաթ երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանան-Իտալիա յարաբերութիւններն ու բոլոր ոլորտներուն մէջ զանոնք զարգացնելու կարելիութիւնները:
Ան Մելոնիին շնորհակալութիւն յայտնեց «Իտալիոյ` տարբեր մակարդակներու վրայ Լիբանանին տրամադրած աջակցութեան համար»:
Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Նախագահ Աուն Մելոնիի հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` իսրայէլեան յարձակումներու շարունակութեան լոյսին տակ, եւ անհրաժեշտութիւնը ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ` Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններուն հիմամբ ձեռք բերուած շրջագծային համաձայնագիրի գործադրութիւնը պարտաւորեցնելու համար»:
«Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ վարչապետին իր երկրին կողմէ եռակողմ բանակցութիւնները հիւրընկալելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման գործին մէջ Իտալիոյ դերին համար», հաղորդեց նախագահական պալատը` նշելով. «Քննարկումը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-էն ետք ստեղծուելիք փուլին, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին»:
Յիշեցնենք, որ նախագահ Աուն մէկ օր առաջ ալ հանդիպում ունեցած էր Լեւոն ԺԴ. պապին եւ Վատիկանի քարտուղար կարտինալ Փիեթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Ռիչըրտ եպս. Կալակըրի հետ:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ երէկ իր կարգին Հռոմ այցելեց: