Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ հայ գերիներու շահերը պաշտպանող, «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան եւ Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ, 17 օգոստոսին հանդիպում ունեցած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերու վարչութեան, գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնախումբի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի ներկայացուցիչներուն հետ:
Այս մասին «Նիուզ»-ի հարցումին ի պատասխան յայտնած է Սիրանուշ Սահակեան:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Զոնապենտի կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին 8 եւ 31 յուլիսին յղած նամակներէն ետք:
Սահակեանի համաձայն, հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատած են ուղղակի երկխօսութեան հաստատումը:
«Մենք բարձրացուցած ենք ազրպէյճանական Ումպակի բանտային համալիրին մէջ պահուող հայ բանտարկեալներուն վերաբերող շարք մը մարդասիրական հարցեր, որոնք կը վերաբերին անոնց պահման պայմաններուն, ֆիզիքական վիճակին եւ բժշկական վերահսկողութեան անհրաժեշտութեան, ծանրոցներու եւ նամակներու փոխանցման կարելիութեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն հետ կապ հաստատելու հարցերուն:
«Փոխանցած ենք նաեւ գերիներու ընտանիքներէն ստացած տեղեկութիւնները` անոնց պահման պայմաններուն մասին եւ նշած ենք, որ կ՛ակնկալենք հայկական կողմի աջակցութիւնն ու գործնական քայլերը` բանտարկեալներու պահման պայմանները միջազգային չափանիշերուն համապատասխանեցնելու ուղղութեամբ:
«Նախարարութեան եւ միջգերատեսչական յանձնախումբի ներկայացուցիչները վստահեցուցած են, որ վերոնշեալ մարդասիրական հարցերը շատ կարեւոր են իրենց համար, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին», ըսած է Սահակեան:
Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Զոնապենտի` դէպի Պաքու կիներու միջազգային մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնելու նախաձեռնութեան:
«Զոնապենտ առաջարկած է մինչեւ օգոստոսի վերջ կառավարութեան կողմէ նշանակել պատասխանատու անձ մը` ոչ միայն մարդասիրական առաքելութեան առնչուող հարցերուն, այլեւ մարդասիրական հարցերու ամբողջ շրջանակին շուրջ մնայուն հաղորդակցութիւն ապահովելու համար:
«Կառավարութեան ներկայացուցիչները խոստացած են քննարկել բարձրացուած հարցերը եւ պատասխանել անոնց, ինչպէս նաեւ, հարցը յստակացնելէ ետք, տրամադրել պատասխանատու անձին կապի տուեալները», նշած է Սահակեան: