Ռուսահայ պատանի Նիքոլ Միքայէլեան դարձաւ Ռուսիա – Ազրպէյճան (13-0) պատանիներու մրցումի գլխաւոր հերոսը` 7 կոլ նշանակելով եւ 2 էսիսթ կատարելով:
Ղազախստանի մէջ տեղի ունեցող պատանի (15 տարեկանէն վար) աղջկանց զարգացման բաժակի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահը Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայանալէ ետք 7 կոլ նշանակեց` 47-րդ, 59-րդ, 74-րդ, 76-րդ, 84-րդ, 87-րդ եւ 90-րդ վայրկեաններուն:
Ռուսիա, որ 4-0 արդիւնքով կը յաղթէր կիսախաղին, նախապէս 5-1 արդիւնքով յաղթած էր Պիելոռուսիոյ դէմ, ուր Միքայէլեան կոլ մը եւս նշանակած էր: