Արսենալ Շահեցաւ Անգլիոյ Գերբաժակը` Յաղթելէ Ետք Մանչեսթըր Սիթիին (3-0)

Արսենալ շահեցաւ Անգլիոյ գերբաժակը կամ «Քոմիւնթի Շիլտ»-ը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ «Փրեմիեր լիկ»-ի ազդանշանէն շաբաթ մը առաջ` իրար դէմ հասնելով անցեալ տարուան ախոյեանն ու բաժակակիրը:

Արսենալ դարձաւ երրորդ ախոյեանը, որ վերջին 11 տարիներուն կը յաղթէ բաժակակիրին, որ այս պարագային Մանչեսթըր Սիթին էր:

Իտալացի յետսապահ Ռիքարտօ Քալաֆիորի նշանակեց «Քոմիւնիթի Շիլտ»-ի պատմութեան ամէնէն արագ կոլը` 23 երկվայրկեաններու ընթացքին:

Մայլզ Լուիս-Սքելլի, որ շատ հաւանաբար պիտի լքէ Արսենալը, գնդակը «հրամցուց» Քալաֆիորիի, որ անակնկալի բերաւ իտալացի մարզիչ Էնցօ Մարեսքան, որ փոխարինած էր սպանացի պատմական մարզիչ Փեփ Կուարտիոլան:

Այս անակնկալ կոլէն ետք Սիթի հետզհետէ սկսաւ իշխել մրցումին վրայ, բայց 28-րդ վայրկեանին յոյն մարզիկ Քրիսթոս Ցոլիսի երկար փոխանցումը հասաւ գերմանացի Քայ Հավիլրցին, որուն գլխու հարուածը պարտութեան մատնեց Սիթիի բերդապահ Տոնարուման:

Սիթիի ամէնէն լուրջ առիթը ստեղծեց նորվեկիացի Էրլինկ Հաալանտ, որուն ռմբային հարուածը վարպետօրէն զսպեց Արսենալի բերդապահ Տաւիտ Ռայա:

Բ. կիսախաղը սկսած էր, եւ կը կարծուէր, որ Սիթի պիտի փոխադարձէ, բայց Արսենալի ձախ ծայրի յառաջապահ Ցոլիս անգամ մը եւս էսիսթ տուաւ խմբապետ Մարթին Օտըկարտի, որ նշանակեց Արսենալի 3-րդ կոլը:

Սիթի գնդակին վրայ իշխեց, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ, եւ ըստ երեւոյթին անցեալ տարուան ախոյեան Արսենալ անգամ մը եւս պիտի ըլլայ «Փրեմիեր լիկ»-ի գլխաւոր թեկնածուն:

Նորեկներ Ցոլիս եւ Պրունօ Կիմարայիշ բաւական լաւ ելոյթ ունեցան, եւ նոյնիսկ Մոնտիալին մասնակցող մարզիկներու, որոնք պահեստի աթոռներուն վրայ էին, ինչպէս` Պուքայօ Սաքայի, Տեքլան Ռայսի, Էպերեչի Էզէի, Վիքթոր Եոքերիշի եւ Մարթին Սուպիմենտիի հիմնական կազմէն դուրս մնալը կամ վիրաւոր Ուիլիամ Սալիպայի եւ Եուրիեն Թիմպերի բացակայութիւնը բնաւ պատճառ չէր, որ Արսենալ ազդուի:

Ռոտրի բացակայեցաւ այս մրցումէն եւ տակաւին յայտնի չէ, թէ պիտի մնայ Սիթիի հետ կամ ոչ: Նախապէս Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէր ձեռք ձգել զայն, բայց երբ Պարսելոնա մօտեցաւ, ան անմիջապէս քաշուելով Պարսելոնային ձգեց բեմը:

Նոյնիսկ Չելսին կ՛ուզէ, ձեռք ձգել Սպանիոյ հետ ախոյեան դարձած Ռոտրին:

Leave a Comment