Տիկնիզեան Պիտի Ըլլայ Օլիմփիաքոսի Երրորդ Հայը

Հայաստանի հաւաքականի պաշտպան Նայիր Տիկնիզեան Կարմիր Աստղ Պելկրատէն պիտի միանայ Յունաստանի Օլիմփիաքոսին:

27 տարեկան Տիկնիզեան պիտի ըլլայ յունական ակումբի պատմութեան երրորդ հայ ֆութպոլիստը:

Նախապէս Փիրէայի շրջանի ակումբին հետ հանդէս եկած էին Ժորա Յովհաննիսեան եւ Գէորգ Ղազարեան, սակայն երկուքն ալ չէին կրցած իրենք զիրենք պարտադրել խումբին հետ:

Ժորա, որ հայկական ֆութպոլի պատմական դէմքերէն Խորէն Յովհաննիսեանի որդին է, Փիւնիկի հետ փայլուն ելոյթներ ունենալէ ետք 17 տարեկանին (2004-ին) տեղափոխուած էր Օլիմփիաքոս: Ան մնաց յունական ակումբին հետ մինչեւ 2007, սակայն հիմնական խումբին հետ միայն 7 վայրկեաններ խաղցաւ Յունաստանի բաժակի գծով մրցումի մը: Ան իր ժամանակին մեծ մասը վարձավճարով այլ ակումբներէ խաղցաւ:

Գէորգ Ղազարեան Օլիմփիաքոսին միացաւ յոյս ունենալով դառնալ ակումբի կարեւոր մարզիկներէն մէկը: Սակայն 6 ամիս ետք 7 հանդիպում եւ 2 էսիսթ կատարելէ ետք ան դիմեց ակումբին, որ վարձավճարով այլ խումբ փոխադրուի, եւ աւելի ուշ անցաւ Փորթուգալ:

Տիկնիզեանի պարագան ուրիշ կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ Օլիմփիաքոս կարիքը ունի ձախ պաշտպանի մը, եւ յարմար առիթ էր 5 միլիոն առաւել 2 միլիոն եւրօ «պոնիւս»-ի փոխարէն անոր ստորագրութիւնը:

Ան շատ հաւանաբար տարին ստանայ մօտ 1,1 միլիոն եւրօ:

 

Leave a Comment