Հայաստանի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան այս տարեշրջանի իր առաջին ելոյթը ունեցաւ Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովան Պրաթիսլաւայի հետ` դաշտ ներկայանալով 61-րդ վայրկեանին:
Բարսեղեան, որ յունիսէն ի վեր չէր մասնակցեր խումբի ելոյթներուն, քանի մը օր առաջ դաշտ ներկայացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի զտումի գծով մրցումի մը շուէտական Միալպի խումբին դէմ:
Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռուզոմպերոք խումբին դէմ, Բարսեղեան փոխարինեց Ալասանա Եիրաժանկը, եւ 2 վայրկեան ետք գեղեցիկ փոխանցումով մը գնդակը հասցուց Ալեքսի Մարոշի գլխուն, որ դժուարութիւն չունեցաւ նշանակելու Սլովանի 2-րդ կոլը:
Ան աջ կողմէն ձախ ոտքի դուրսի բաժինով գնդակը բարձրացուցած էր` հիացնելով բոլորը:
Ան շարունակեց բազմաթիւ յարձակումներ կազմակերպել եւ պայքարի ոգիով յաճախ դիւրութեամբ գերազանցեց իր մրցակիցները:
80-րդ վայրկեանին ան գնդակը ստացաւ մեծ քառակուսիի դուրսէն եւ մօտ 25 մեթրէն հզօր եւ ճշգրիտ հարուածով գնդակը զետեղեց մրցակից խումբի բերդի վերի անկիւնը` նշանակելով շատ գեղեցիկ կոլ մը:
Ինչպէս նշեցինք, վիրաւորուելուն պատճառով լաւապէս ապաքինելէ ետք է, որ Տիգրան Բարսեղեան կը խաղար եւ արդէն առաջին մրցումին իսկ տպաւորեց:
Ան իր 6-րդ տարեշրջանը սկսաւ Սլովանի հետ եւ կը պայքարի 6-րդ ախոյեանութեան տիտղոսը շահելու անոր հետ: