ՊԵՏՕ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Հիմա, որ 2026-ի ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութիւնը հասաւ իր աւարտին` Սպանիոյ երկրորդ անգամ ախոյեան դառնալով, կամայ թէ ակամայ կը յիշեմ առաջին Մոնտիալը, որ յիշողութեանս մէջ իր փայլուն տեղը ունի հեռաւոր 1982-էն, որ զուգադիպաբար տեղի ունեցած է Սպանիոյ մէջ:
Աւարտական խաղին Իտալիան 3-1 յաղթեց Արեւմտեան Գերմանիոյ: Ես Գերմանիոյ հետ էի, ոչ թէ որովհետեւ գիտէի, թէ որո՛նք էին խաղցողները, կամ թէ` երկիրը ի՛նչ կը ներկայացնէր, ոչ ալ ֆութպոլէ շատ բան կը հասկնայի, այլ որովհետեւ միայն այդ գիտէի գրեթէ եօթը տարեկանիս: Հայրս Գերմանիոյ համակիր էր: Մեր տան մէջ կիրակի օրերը երբեմն Գերմանիոյ ախոյեանութիւնը կը դիտէր, յատկապէս` Պայերն Միւնիխի խաղերը: Հօրս ձայնը, անոր լուռ ուշադրութիւնը խաղի ընթացքին, ինծի համար բաւարար էին, որ ես ալ այդ խումբը քաջալերեմ:
Ֆութպոլը ինծի համար չսկսաւ մարզադաշտէ մը: Սկսաւ Լիբանանի մէջ` քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, պատկերասփիւռէն:
Ինչպէս կ՛ըսեն` մարդ ֆութպոլի իր խումբը երկու ձեւով կ՛ընտրէ. կա՛մ հօր քաջալերած խումբը, կա՛մ ապրած շրջանի խումբը: Առաջինը եղաւ Արեւմտեան Գերմանիան: Երկրորդը` ՀՄԸՄ-ը, որ միայն իմ ապրած շրջանիս խումբը չէր, այլ բնական շարունակութիւնը` մե՛ր ապրած համայնքային կեանքի ձեւին: Այդ երկուքը իմ առաջին երկու սէրերս եղան ֆութպոլի մէջ:
1982-ը Լիբանանի համար ծանր տարի մըն էր: Ախոյեանութիւնը սկսելէն շաբաթ մը առաջ արդէն Իսրայէլ ներխուժած էր Լիբանան: Քանի մը ամիս ետք երկրի նորընտիր նախագահ Պաշիր Ժեմայելը ահաբեկուեցաւ:
1980-ականներուն ելեկտրականութիւնը յաճախ «կը կտրուէր» (տակաւին նոյնն է վիճակը): Ամէն տուն պատկերասփիւռ չկար` կը կարծեմ: Բայց կար համայնքային հզօր զգացում մը, որ ֆութպոլի շնորհիւ աւելի ամրացած էր երեւի: Կարճատեւ ուրախութիւններու համար քով-քովի գալու յանձնառութիւն մը: Առիթ մը` մոռնալու պատերազմը, գոնէ` քանի մը ժամով: Ֆութպոլը միայն դիտել չէ, այլ զգացում է: Հաւաքական զգացում:
Կը յիշեմ` կը հաւաքուէինք հին «Աղբալեան» ակումբի սրահը: Շահանին եւ Փիթըրին կողքին` մօրուքաւոր ու անմօրուք ծանօթ – անծանօթ երիտասարդներու հետ ֆութպոլ կը դիտէի: Առաջին անգամ ըլլալով երկիրներու անուններ կը լսէի. օրինակ` Փերու, իր կարմիր-սպիտակ տարազով: Կը յիշեմ նաեւ Շումախերի սարսափելի «ֆաուլ»-ը ֆրանսացի Պաթիսթոնին դէմ… Դեռ կը զարմանամ, թէ ինչպէ՛ս իրաւարարը խաղը բնականոն շարունակեց: Իմացայ նաեւ, որ Խորհրդային Միութենէն (տարօրինակ երկրի անուն` եօթը տարեկանի համար) հայ մը կը խաղայ` Խորէն Յովհաննիսեանը, որ հրաշալի կոլ մըն ալ նշանակեց Պելճիքայի դէմ: Եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն. տարիներ ետք, այսօր, Պելճիքա ծնած զաւակս Երեւանի մէջ կը յաճախէ Խորէն Յովհաննիսեանի անուան ֆութպոլի ակադեմիա, եւ Խորիկը, ինչպէս կ՛ըսեն, տղուս 9-րդ տարեդարձին առթիւ Խորհրդային Միութեան իր կողմէ ստորագրուած տարազ մը նուիրեց:
Կը յիշեմ նաեւ Պէյրութէն դուրս գիւղեր կ՛երթայինք ֆութպոլ դիտելու: Երբեմն մէկուն ամարանոցը, ուր ելեկտրականութիւն կար: Երբեմն ալ ինքնաշարժի մարտկոցը կը կապէինք հեռատեսիլին, կամ` ինչ-որ նման բան մը, միայն թէ հեռատեսիլը աշխատցնէր, ու մենք խաղը դիտէինք:
Ոմանք կը ծխէին, ոմանք կը խմէին, ոմանք պարզապէս լուռ կը դիտէին: Կը կարծեմ` այդ օրերուն ֆութպոլը միայն խաղ չէր: Փոքրիկ լոյս մըն էր Լիբանանի համատարած մթութեան մէջ: Պահ մը, որ մարդիկ մոռնային իրենց մէջքի ատրճանակը, ռումբերու ձայնը, մոռնային վախը, քով-քովի նստած` սպասելով սուլիչին ձայնին, կոլին, յաղթանակին:
1982-ի աւարտականը այդպէս տեսայ: Չեմ յիշեր` որո՛ւ տունն էինք կամ ո՛ր գիւղը: Կը յիշեմ միայն, որ մեծ թիւով մարդիկ կային: Իտալիան յաղթեց: Ես տխրեցայ, ոչ թէ որովհետեւ հասկցած էի խաղը, այլ որովհետեւ հայրս չուրախացաւ: Գերմանիոյ կոլը նշանակողն ալ Փոլ Պրայթներն էր, հօրս նման թաւ պեխերով ու խիտ մազերով անձնաւորութիւն մը: Բայց այդ գիշեր ալ, ինչպէս շատ գիշերներ, հօրս հետ էի: Եւ այդ միասին ըլլալը, աւելի քան` որեւէ կոլ կամ յաղթանակ, մնացած է մէջս:
Նոյն մթնոլորտն էր նաեւ 1984-ի Եւրոպական ախոյեանութեան ընթացքին: Հոն արդէն հիմնական հերոսն էր Միշէլ Փլաթինին, որ Ֆրանսայի հետ նուաճեց ախոյեանութիւնը` աւարտականին յաղթելով Փորթուգալին: Համատարած մթութիւն եւ միայն պատկերասփիւռէն արձակուող ֆութպոլային լոյս:
Այսպէս սկսաւ իմ ֆութպոլս: Ոչ թէ դաշտ գտնուելու աղմուկով ու կանչերով կամ խումբի մը տարազը ունենալով, այլ` ինքնաշարժի մարտկոցէն առնուած ելեկտրականութեամբ, գիւղական տուներու նստասենեակներով ու համայնքային-ակումբային շունչով:
Եւ այսօր, երբ 2026-ի մոնտիալը իր վարագոյրները իջեցուց, ես կը յիշեմ 1982-ի այդ ջերմագոյն պահերը…
***
Գրեցէ՛ք դուք ալ ձեր յուշերը. կամ` եթէ ընթերցողներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք ֆութպոլային այդ հանդիպումներուն մասնակից դարձած են, կիսուեցէ՛ք հետս: Գիտնամ` ո՛ր գիւղը, շրջանը, որո՛նց հետ ժամանակ անցուցած եմ: Իսկ եթէ նկարներ կան` ա՛լ աւելի լաւ:
(Շար. 1)



