Սէուտական Արաբիոյ «Փրօ լիկ»-ը սկսաւ, եւ իր առաջին ելոյթին, Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Էդուարդ Սպերցեան իր առաջին կոլը նշանակեց 25-րդ վայրկեանին` անզսպելի հարուածով մը:
Այս կոլը եղաւ Տիրիայի դէմ մրցումի միակ կոլը, որուն շնորհիւ Ահլի իր առաջին 3 կէտերը շահեցաւ: Ահլիի յաջորդ մրցակիցն է Ապհա:
Նշենք, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր Նասր, որուն աստղ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ քանի մը օր առաջ պսակուած էր Ճորճինա Ռոտրիկեսի հետ: