Փոխանցումներու Աշխարհէն

Ըստ երեւոյթին, Պարսելոնայի եւ Սպանիոյ յառաջապահ Ֆեռան Թորես 50 միլիոն եւրոյի փոխարէն պիտի միանայ Փարիզ Սեն Ժերմենի, մանաւանդ որ երկու ակումբներն ալ համաձայնեցան բոլոր մանրամասնութիւններուն:

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսակիր Արսենալ կապի մէջ մտած է Թուրքիոյ Կալաթասարայի հետ` ձեռք ձգելու համար յառաջապահ Վիքթոր Օսիմենը, եւ շատ հաւանաբար Կապրիէլ Մարթինելլի եւ Իթըն Նուարենի հակառակ ուղղութեամբ միանան թրքական ակումբին:

Միւս կողմէ, եթէ Արսենալ պրազիլցի յառաջապահ Մարթինելլին կրցաւ յարմար գինով «վաճառել», կրնայ ըլլալ, որ փորձէ ձեռք ձգել Աթլեթիքօ Մատրիտի մարզիկ Խուլիան Ալվարեսը, եթէ անշուշտ Օսիմենի խորհրդակցութիւնները ձախողին:

Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Թիյանի Ռէյնտըրզ վերջապէս «համոզուեցաւ» միանալու Սէուտական Արաբիոյ Քատիսիա խումբին` 61 միլիոն եւրոյի փոխարէն:

Ա. Սէ. Միլան հաւանութիւն յայտնած է Ֆիքայօ Թոմորիի փոխանցման այս ամառ: Անգլիացի կեդրոնի յետսապահը 33 ելոյթներ կատարած էր անցեալ եղանակին, եւ ըստ երեւոյթին Անգլիոյ Լիվըրփուլ ակումբը լրջօրէն հետաքրքրուած է անոր փոխանցումով:

Փարիզ Սեն Ժերմեն քայլ մը եւս մօտեցաւ ձեռք ձգելու Այաքս Ամսթերտամի պելճիքացի մարզիկ Միքա Կոտցը: Ամիսէ մը աւելի Կոտցի նիւթը կը դառնայ Ֆրանսայի մայրաքաղաքի խումբին շրջանակներուն մէջ: Փարիզի յաջորդ քայլն է ձեռք ձգել Ճափոնի ազգային խումբի բերդապահ Սուզուքին:

Արժանթինցի յետսապահ Քրիսթիան Ռոմերօ Թոթենհամը լքելով պիտի միանայ Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտին:

Անոր ազգակից Էնպօ Ֆերնանտես իր վերջնական որոշումը պիտի տայ Չելսիի մարզիչ Չապի Ալոնսոյին, եթէ կ՛ուզէ մնալ ակումբին հետ կամ ոչ: Մեկնելու պարագային Չելսի ձեռք պիտի ձգէ Մոնաքոյի մարզիկ Լամին Քամարան:

Leave a Comment