Սպանիոյ պատմական մարզիկներէն Չաւի Հեռնանտես նշանակուեցաւ Նետերլանտներու ազգային խումբի մարզիչ` դառնալով առաջին «օտար» մարզիչը, որ կը գլխաւորէ Նետերլանտներու հաւաքականը վերջին 50 տարիներուն:
Չաւի մաս կը կազմէր Սպանիոյ ազգային խումբին, որ 2010-ի Մոնտիալի աւարտականին պարտութեան մատնած էր Նետերլանտները, որոնք կորսնցուցած էին երրորդ աւարտական մրցումը:
46 տարեկան Չաւի, որ անգործ էր իր պաշտօնը լքելէ ի վեր Պարսելոնայի հետ (մայիս 2024-էն), կը փոխարինէ Ռոնալտ Քէօմանը, որ հրաժարած էր Մոնտիալէն ետք:
Նախկին միջնապահը յայտնեց, որ յատուկ կապ մը կը զգայ Նետերլանտներու ֆութպոլի խումբին հետ, մանաւանդ որ ան Պարսելոնայի սան եղած է քաթալոններու ակադեմիային մէջ, որ ներշնչուած էր Եոհան Քրոյֆէն եւ Ռինուս Միքելզէն:
«Կրնաք ըսել, որ մասամբ Նետերլանտներու ֆութպոլի զաւակ եմ: Այլ մարզիկներ ալ, մանաւանդ Լուիս Վան Կաալ, որուն հետ սկսայ Պարսելոնայի հետ ելոյթներ ունենալ, եւ Ֆրանք Ռայքարտ, իրենց կարգին մեծ դեր ունէին զիս ձեւաւորելու, իբրեւ ֆութպոլիստ եւ իբրեւ մարզիչ», ըսաւ Հեռնանտես, որ մինչեւ 2030-ի Մոնտիալի աւարտը պայմանագրութիւն ստորագրեց:
Վերջին օտար մարզիչը Էրնսթ Հափելն էր, որ Նետերլանտներու մարզիչն էր 1977-էն 1978: Աւստրիացի Հափելի հետ Նետերլանտներ հասած էին 1978-ի Մոնտիալի աւարտականին:
Չաւի ըսաւ, թէ Նետերլանտներու ֆութպոլի մշակոյթը` յարձակողական խաղաոճը, գնդակին վրայ իշխելը, ստեղծագործական ներշնչումն ու նուիրուածութիւնը իրեն միշտ ալ հմայած են:
«Անշուշտ կարեւորագոյն նպատակը յաղթելն է, բայց ես կը նախընտրեմ յաղթել յարձակողական ստեղծագործական եւ գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցադրելով, բան մը, որ ուրախ կը պահէ նաեւ համակիրները: Կարողութիւնը կայ, ինչպէս նաեւ առկայ են հիմնական ամուր եւ հաստատուն հիմքերը, որոնց վրայ պէտք է բարձրանայ ազգային խումբը:
17 տարիներ Պարսելոնայի հետ խաղալէ ետք, Չաւի իր ասպարէզը աւարտած էր Քաթարի Սատտ ակումբին հետ` աւելի ուշ դառնալով անոր մարզիչը 2019-էն 2021: