«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն շատ թրիփըլ-տապըլ ձեռք ձգած մարզիկը` Ռասըլ Ուեսթպրուք որոշեց աւարտել պասքեթպոլի ասպարէզը 18 եղանակ ետք:
Ուեսթպրուք, որ 2017-ին «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսն ալ շահած էր, անցեալ եղանակի աւարտին ընտրուած իր 75-ամեակի խումբին մէջ:
Երկու անգամ «Էն. Պի. Էյ.»-ի առաւելագոյն կէտեր նշանակած Ուեսթպրուք ըսաւ. «Երբեմն դուն նոյնիսկ չես գիտեր, թէ ե՛րբ կը դիտես կամ կը խաղաս վերջին մրցումդ: Պէտք էր հոն ըլլայիր, բայց արդէն ամէն ինչ վերջ գտած է»:
Ուեսթպրուք 2008-ին մուտք գործած էր «Էն. Պի. Էյ.»` միանալով Սիեթըլ Սուփըրսոնիքսի եւ անկէ անմիջապէս ետք` Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի: Ան իր առաջին 11 եղանակները Թանտըրի հետ անցուցած է եւ իր վերջին եղանակը` Սաքրամենթօ Քինկզի հետ:
Ուեսթպրուք 3 անգամ գրաւած է առաւելագոյն էսիսթներ կատարողներու դասաւորման պարագլուխի դիրքը եւ «Օլ Սթար» մրցումի 2 անգամ «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուած: Ան 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ոսկի մետալ ալ շահած էր Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին հետ:
Ուեսթպրուք 209 թրիփըլ-տապըլներով աւարտեց իր ասպարէզը, որուն վերջին մրցումը 15 մարտին էր: Նիքոլա Եոքիչ կը յաջորդէ անոր 198 թրիփըլ-տապըլով: Ան 2016-2017 տարեշրջանին 42 թրիփըլ-տապըլ ձեռք ձգած էր, երբ շահած էր «Էմ. Վի. Փի.»-ի տիտղոսը:
Ուեսթպրուք խաղցած է նաեւ Հիուսթըն Ռոքեթցէն, Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն եւ Քլիփըրզէն` 2022-2023 տարեշրջանը Լէյքըրզի, Քլիփըրզի եւ Տենվըրի միջեւ բաժնելով: