Մոսկուան Ներկայացուց Հայկական Գիւղամթերքի Ներածումը Վերականգնելու Պայմանները

Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը ներկայացուց հայկական գիւղամթերքի ներմուծումը վերականգնելու պայմանները:

«Գիւղատնտեսական արտադրութեան անվտանգութեան ապահովումը, որուն մէջ հայ արտադրողներուն կողմէ սեփական հումքի օգտագործումը, թունանիւթերու նկատմամբ վերահսկողութիւնը, մատակարարումներուն հետեւելու կարողութիւնը եւ այլ պարտադիր պահանջներու պահպանումը ներկայիս սահմանափակումներու տակ գտնուող ապրանքներու ներմուծումը վերականգնելու կարեւորագոյն պայմանն է», «Ինթըրֆաքս»-ի համաձայն յայտարարեց Ռուսիոյ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը` նախարար Օքսանա Լութի եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանի հանդիպումէն ետք:

Հանդիպումը կայացաւ Ալմաթիի մէջ` ԵԱՏՄ երկրագործական արդիւնաբերական քաղաքականութեան խորհուրդի 7-րդ նիստի ծիրին մէջ:

Լութ իբրեւ անվերապահ առաջնահերթութիւն նշեց Ռուսիոյ մատակարարուող ապրանքներու համապատասխանութիւնը ԵԱՏՄ-ի անասնաբուժական եւ բուսական չափանիշներուն:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանէն ներածուող արտադրութեան որակի եւ ապահովութեան վերաբերեալ առարկութիւններուն պատճառով Ռուսիոյ գիւղատնտեսական վերահսկողութեան դաշնակցային ծառայութիւնը արգիլեց ծաղիկներու, լոլիկի, վարունգի, պղպեղի, կանաչեղէնի եւ ելակի, աւելի ուշ` կորիզաւոր միրգերու ներածումը: Սահմանափակուեցաւ նաեւ սերմերով բազմացող մշակաբոյսերու, սմբուկի, գետնախնձորի եւ չիրերու, կաթնամթերքի ներածումը, դադրեցուեցաւ նաեւ ձուկի եւ ձկնամթերքի արտօնագրութիւնը:

 

Leave a Comment