Զօր. Քլիրֆիլտ Այցելեց Պըրրիի Եւ Սալամի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ առաջ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգման խումբի` «Էմ.Սի.Ճի.4Էլ.»-ի պետ զօր. Ճոզըֆ Քլիրֆիլտը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսայի եւ զօր. Քլիրֆիլտի շարք մը օգնականներուն:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան եւ խմբակի աշխատանքին:

Պըրրի շեշտեց. «Իսրայէլ իր խախտումներն ու Լիբանանի ու Հարաւի վրայ իր յարձակումները նոյեմբեր 2024-էն ի վեր չդադրեցուց, եւ այդ յարձակումները կը շարունակուին, այդ ալ կանոնաւոր կերպով` գիւղերը քանդելով, դաշտերն ու հողագործութեան տարածքները հողին հաւասարեցնելով, անտառային շրջանները հրկիզելով եւ հնագիտական ու քաղաքակրթական ժառանգութեան վայրերու թիրախաւորումով»:

«Կայունութեան բանալին կը մնայ Իսրայէլին իր պատերազմը դադրեցնել եւ դէպի միջազգային սահմաններ հեռանալ ստիպելը», ըսաւ ան:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Այն Թինէէն մեկնելու ընթացքին յայտնեց. «Հռոմի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ մթնոլորտը դրական է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցի՞ Ալի Թահեր բարձունքին դէմ որեւէ զինուորական գործողութեան, Իսա նշեց. «Չեմ գիտեր, թերեւս դուն ինձմէ աւելի լաւ գիտես»: Ինչ կը վերաբերի փորձնական շրջաններուն եւ յաւելեալ շրջաններու գոյութեան, դեսպանը յայտնեց. «Նախ եւ առաջ պէտք է ներկայ շրջաններու կարգավիճակը ճշդենք, ապա կարգը այլ շրջաններուն կու գայ»:

Պատասխանելով հսկողութեան մեքանիզմին մասնակից երկիրներուն մասին հարցումի մը` Իսա նշեց. «Գոյութիւն ունի երկիրներու ցուցակ մը, որուն մասին կը խօսինք, սակայն մինչեւ հիմա որեւէ երկիր չճշդուեցաւ»:

Անդրադառնալով զօր. Քլիրֆիլտի Պէյրութ այցելութեան պատճառներուն` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսաւ, որ ատիկա «հարցերը ինչպէս որ են յստակացնելու համար է, մասնաւորաբար Պըրրիին, եւ գետնի վրայ տեղի ունեցողը բացատրելու»:

Զօր. Քլիրֆիլտը, դեսպան Իսան ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեցին վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցան վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան բանակցային հոլովոյթի զինուորական բաժինը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումները:

Սալամ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դադրեցնել քանդման գործողութիւնները, ընդլայնել փորձնական շրջաններու ծիրը եւ լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան հեռացման յստակ ժամանակացոյց մը ճշդել:

 

Leave a Comment