Ալեն Սիմոնեան Նշանակուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղար

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնին համար Արմէն Գրիգորեանը փոխարինեց Ալեն Սիմոնեանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` 13 օգոստոսին ստորագրած համապատասխան որոշումները հրապարակուեցան կառավարութեան e-gov.am պաշտօնական կայքին վրայ:

Արմէն Գրիգորեան կառավարութեան նիստին հրաժեշտ տուաւ իր պաշտօնակիցներուն: Նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան յայտնեց, որ Գրիգորեանին աշխատանք առաջարկած է իր աշխատակազմին մէջ, սակայն ան մերժած է:

Արմէն Գրիգորեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնը կը վարէ 2018-էն ի վեր:

 

Leave a Comment