Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, որ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական ներկայութիւնը կը հակասէ շրջագծային համաձայնութեան յանձնառութիւններուն:
Ան ըսած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛ակնկալեն, որ բոլոր կողմերը յարգեն իրենց ստորագրած շրջագծային համաձայնութիւնը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարը ամերիկեան կայքին նշած է, որ Իսրայէլի հարաւային Լիբանանի մէջ տեւական ներկայութիւնը կը հակասէ երկու երկիրներուն երկարատեւ անվտանգութեան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական կերպով կ՛աջակցին Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան: